«Ռուսիան Անհրաժեշտութեան Պարագային Պատրաստ Է Մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Տագնապի Լուծման» Ըսած Է Փութին
Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գերմանական «Պիլտ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն երկրորդ մասը հրապարակուած է 12 յունուարին, յայտնած է, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ տարակարծութիւնները կը բարդացնեն Սուրիոյ խնդիրին լուծումը: «Ատիկա ի հարկէ կը բարդացնէ Սուրիոյ խնդիրի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնախնդիրի, Եւրոպա գաղթականներու հոսքի դադրեցման խնդիրի լուծման աշխատանքը», ըսած է ան: Փութին նաեւ դժուարացած է ըսել,...



















