Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Անհրաժեշտութեան Պարագային Պատրաստ Է Մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Տագնապի Լուծման» Ըսած Է Փութին

January 13, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գերմանական «Պիլտ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն երկրորդ մասը հրապարակուած է 12 յունուարին, յայտնած է, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ տարակարծութիւնները կը բարդացնեն Սուրիոյ խնդիրին լուծումը:

«Ատիկա ի հարկէ կը բարդացնէ Սուրիոյ խնդիրի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնախնդիրի, Եւրոպա գաղթականներու հոսքի դադրեցման խնդիրի լուծման աշխատանքը», ըսած է ան:

Փութին նաեւ դժուարացած է ըսել, թէ արդեօք երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը շրջանին մէջ մեծ բախումի պիտի յանգի՞: «Շրջանին մէջ մեծ բախումի պիտի յանգի՞ ատիկա` ես չեմ գիտեր: Չեմ ուզեր խօսիլ եւ նոյնիսկ մտածել նման հարցի մը մասին: Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Իրանի հետ, եւ կայուն գործընկերային յարաբերութիւններ կը հաստատուին Սէուտական Արաբիոյ հետ», ըսած է Փութին` աւելցնելով, որ Ռուսիա անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ տագնապի լուծման:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Սու-24»-ի վար առնուելու դէպքին` Ռուսիոյ նախագահը նշած է. «Թրքական ղեկավարութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ կատարուած զինուորական յանցագործութեան համար բացատրութիւն տալու փորձերու փոխարէն, նետուեցաւ ՕԹԱՆ-ի շտապ-գրասենեակ` պաշտպանութիւն փնտռելու. ատիկա շատ տարօրինակ կը թուի, եւ, իմ կարծիքովս, Թուրքիոյ համար նուաստացուցիչ է»:

Փութին նշած է, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրները կապուած չեն Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան: «Թուրքիոյ դէմ ոչ ոք կը յարձակի: Եթէ Թուրքիան աշխարհի վրայ որոշ տեղ մը, մօտակայ պետութիւններուն մէջ որոշ շահեր ունի, ատիկա կը նշանակէ, որ ՕԹԱՆ-ը պէտք է պաշտպանէ եւ ապահովէ՞ այդ շահերը, ի՞նչ է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` յոյս յայտնելով, որ այդպիսի միջադէպերը «լայնածաւալ բախումներու չեն յանգեցներ»:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Լաթաքիոյ Գիւղական Շրջանի Սալմա Գիւղը

Յաջորդը

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում

RelatedPosts

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ  Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Եւ Վաղը` Իսլամապատի Մէջ Մեքքայի Դաշնագիրին Շուրջ Ժողով

November 27, 2026
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  «Խորապէս Մտահոգուած Են» Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վերջին Դէպքերով
Գլխաւոր լուրեր

Կոչ` Արգելակելու Ազրպէյճանի Հաւանական Թեկնածութիւնը ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Պաշտօնին

November 27, 2026
Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ  «Պատերազմը Չընդլայնելու»
Միջազգային

Թրամփ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ուքրանիոյ «Պատերազմը Չընդլայնելու»

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։