ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Թասնիմ» գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Տեհղան հիւսիսային Իրանի Սարի քաղաքին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իրան մտադիր է ընդլայնել հրթիռներու արտադրութիւնը:
«Մենք չենք կանգնեցուցած մեր հրթիռներու նախագիծը, արտադրութիւնն ու փորձարկումը, մենք նոյնիսկ աւելցուցած ենք անոնց արտադրութիւնը»:
Նախարարը նաեւ ընդգծած է. «Թեհրան երբեք իր հրթիռներուն համար հիւլէական մարտագլխիկներ ստեղծելու ծրագիրներ չէ ունեցած»: Սակայն «զինուորական սպառազինութեան մնայուն նորացումն ու արդիականացումը եղած են իրանեան զինուորական ծրագիրի օրակարգին վրայ, որ նպատակաուղղուած է թշնամիներէն պաշտպանութիւն ապահովելուն», աւելցուցած է Տեհղան: