
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Իրան չի խզեր Սէուտական Արաբիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները, սակայն անոր համբերութիւնը անսահման չէ:
«Իրան իր ուժերուն վստահ ըլլալով հրաժարեցաւ պատասխան միջոցառումներու ձեռնարկելէ եւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը», կը գրէ Զարիֆ:
Ան յիշեցուց, որ առաջին օրերուն թէ՛ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին, թէ՛ ինք բազմիցս անգամ յորդորած են Ռիատը` լարուածութիւնը մեղմացնելու համար երկխօսութեան սկսելու, սակայն «Սէուտական Արաբիան չանսաց այդ յորդորներուն»:
«2013-ին իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած ժամանակաւոր համաձայնութենէն ետք, Սէուտական Արաբիան սկսաւ բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի զայն վիժեցնէ: Այսօր ալ Ռիատի մէջ ոմանք ոչ միայն կը շարունակեն խոչընդոտել յարաբերութիւններու բնականոնացումը, այլ նաեւ կը ձգտին տագնապին մէջ ներքաշել ամբողջ շրջանը», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան պնդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը զգուշանան, որ իրանեան հիւլէական ծրագիրը իբրեւ համաշխարհային սպառնալիք դիտարկուելէ դադրելէ ետք, միջազգային ընտանիքը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Ռիատի կողմէ ծայրայեղականութեան հովանաւորման, ինչ որ Զարիֆի կողմէ կը նկատուի իսկական համաշխարհային սպառնալիք:
«Հիւլէական համաձայնագիրը վիժեցնելու, շրջանին մէջ լարուածութիւնը պահպանելու եւ նոյնիսկ ուժեղացնելու Սէուտական Արաբիոյ ռազմավարութիւնը ունի երեք բաղադրիչ` Արեւմուտքի վրայ ճնշումը, Եմէնի մէջ պատերազմի միջոցով շրջանային անկայունութեան խորացումը եւ ծայրայեղականութեան աջակցիլն ու Իրանի դէմ բացայայտօրէն սադրելը», կը գրէ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:


