
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թուրք դեսպաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա դժգոհ է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարին ընթացքին հնչող հակաիսլամական պատգամներէն:
Ան պաշտպանեց հիւսիսային Իրաքի Պաաշիքա շրջանին մէջ թրքական ուժերու տեղակայման որոշումը, որ Իրաքի հետ դիւանագիտական լարուածութիւն ստեղծած էր` նշելով. «Անգարա կը յարգէ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը, իսկ (թրքական) ուժերու տեղակայումը տեղի ունեցաւ ապահովական կացութեան վատթարացումէն ետք»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Թուրքիա պատրաստ է պէտք եղածը ընելու` վերջ տալու համար Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լարուածութեան, որ յառաջացաւ, երբ Ռիատ 2 յունուարին մահապատիժի ենթարկեց շիի ականաւոր հոգեւորական մը, իսկ Թեհրան չկրցաւ սէուտական դեսպանատունը պաշտպանել անոր դէմ կատարուած յարձակումէն»:


