Թրքական Ուժեր Ետ Մղած Են Պաաշիքայի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը. Էրտողան. «Իրաքեան Ճամբարի Մը Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Մեր Ուժերը Այդտեղ Տեղակայելու Որոշումը Ճիշդ Էր»
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թրքական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ թրքական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ 17 զինեալներ սպաննած են, երբ ժիհատականները 8 յունուարի գիշերը յարձակում գործած են հիւսիսային Իրաքի Պաաշիքա շրջանին մէջ գտնուող մարզումի ճամբարի մը դէմ: Աղբիւրները հերքած են այն տեղեկութիւնները, թէ յարձակումին պատճառով սպաննուած են 2 թուրք զինուորներ` նշելով, որ թուրք զինուորներու շարքին վիրաւորներ իսկ չկան: Այս յարձակումը իր...




















