«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Դրամական միջազգային ֆոնտի պատուիրակութեան Իրանի մէջ կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակուած նախատեսութեան մէջ կը նշուի, որ Իրանի համախառն ներքին արտադրութիւնը տնտեսական պատժամիջոցներու ջնջումին իբրեւ արդիւնք 2016-2017 թուականներուն պիտի աճի 4-5,5 առ հարիւրով: Միջին ժամանակի հեռանկարին մէջ աճը պիտի կայունանայ 4 առ հարիւրի մակարդակին վրայ:
«Նախատեսութեան համաձայն, Իրանի համախառն ներքին արտադրութիւնը 2016-2017 թուականներուն տնտեսական պատժամիջոցներու ջնջման իբրեւ արդիւնք պիտի աճի 4-5,5 առ հարիւրով», ըսուած է ֆոնտին հաղորդագրութեան մէջ: