
Արաբական լիկայի խորհուրդը երէկ Սէուտական Արաբիոյ պահանջով գումարեց արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ Մեշհատի մէջ սէուտական հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումները:
Ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը դատապարտեց Իրանի մէջ սէուտական դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ յարձակումները, այդ առաքելութիւնները պաշտպանելու մէջ Իրանի արձանագրած թերացումը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ իրանեան միջամտութիւնները:
Արաբական լիկան նաեւ դատապարտեց Պահրէյնի մէջ բացայայտուած Իրանի առնչուած ահաբեկչական բջիջի մը գոյութիւնը:
Ժողովը ամբողջական զօրակցութիւն յայտարարեց «Սէուտական Արաբիոյ` ընդդէմ իրանեան թշնամական եւ սադրիչ արարքներուն», ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ սէուտական ջանքերուն եւ շրջանին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելուն մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան:
Ժողովին մասնակից բոլոր երկիրները թեր քուէարկեցին հաղորդագրութեան, բացի Լիբանանէն, որ հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլան ահաբեկչութեան առնչող բաժինին պատճառով բողոք արձանագրելով ձեռնպահ մնաց: Նշենք, որ Լիբանան` մեկնելով շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութենէն, նաեւ ձեռնպահ մնաց ժողովի որոշումներուն քուէարկութեան ընթացքին:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ Իրաք իր կարգին հաղորդագրութեան նկատմամբ դիտողութիւններ ունէր, սակայն զանոնք շրջանցելով զօրակցեցաւ հաղորդագրութեան: Բայց եւ այնպէս Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Իրաք ամբողջ հաղորդագրութեան համաձայն չգտնուեցաւ եւ անոր կարգ մը կէտերուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունի:
Արապի ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Շրջանին մէջ իրանեան միջամտութեան հարցը պիտի քննարկենք եւ պիտի փորձենք իրանեան ոտնձգութիւնները կասեցնելու միջոց մը գտնել»: Արաբ արտաքին գործոց նախարարները որոշեցին այդ նպատակի իրագործման համար գոյացնել յանձնախումբ մը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ «արաբական աշխարհին մէջ Իրանի միջամտութիւնները եւ ահաբեկչութեան ու համայնքայնութեան աջակցութիւնը մերժող արաբական կեցուածքը շատ յստակ էր»` նշելով. «Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն բխեցաւ ուժեղ որոշում մը, որ համահունչ է ՄԱԿ-ի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի որոշումներուն»:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իրենք աշխատանք կը տանին գումարելու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողով մը` Իրանի հետ տագնապին վերաբերեալ յաջորդ քայլերը ճշդելու համար:


