Գերմանական «Պիլտ» պարբերականը հարցազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վերջինիս խօսքերէն մէկը` «Սահմանները ինծի համար կարեւոր չեն» վերնագիրը ունեցող հարցազրոյցին մէջ Փութին քննարկած է Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւններուն, Խրիմի կցման, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ աշխատանքին վերաբերող եւ այլ հարցեր:
Անդրադառնալով Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Ռուսիոյ գործած հիմնական սխալին մասին հարցումին` Փութին պատասխանած է, որ Ռուսիան պէտք է իր ազգային շահերուն մասին յայտարարէր Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք:
Փութին այդ հարցին վերաբերեալ Մոսկուայի ոչ յստակ դիրքորոշումը կը նկատէ վերջին քառորդ դարու հիմնական սխալը Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Ի հարկէ, մենք մեղաւոր ենք, մեղադրուելիք ոչ ոք կայ», ըսած է Փութին` խօսելով այն սխալներուն մասին, զորս Ռուսիան գործած է վերջին 25 տարուան ընթացքին` արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Ան յիշեցուցած է, որ ի՛նչ խնդիրներ յառաջացած են երկրին մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք. արդիւնաբերութեան կրճատում, ընկերային համակարգի փլուզում, անջատողականութիւն եւ «միջազգային ահաբեկչութեան ակնյայտ յարձակում»: