Միջազգային

Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  «Ամօթալի Ցուցակ»-ի Վրայ

Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան «Ամօթալի Ցուցակ»-ի Վրայ

«Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարդոց առեւտուրի վերաբերող իր տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ Թուրքիան յայտնուած է «ամօթալի ցուցակ»-ին վրայ: Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Էրտողան Թոփրաք նիւթին առնչութեամբ նշած է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր կառավարման 14 տարիներուն ընթացքին Թուրքիան վերածած է «մարմնավաճառութեան...

Էրտողան Խօսած Է Փութինի Հետ  Հանդիպումի Ժամկէտերու Մասին

Էրտողան Խօսած Է Փութինի Հետ Հանդիպումի Ժամկէտերու Մասին

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանէն Վարշաւա մեկնելէ առաջ, պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն. ան անդրադարձած է նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին թուականներուն: «Այս պահուս յստակ թուական չկայ: Մեր արտաքին գործոց նախարարները կը հետեւին դէպքերու ընթացքին: Սակայն օրակարգի վրայ է այս ամսուան վերջ կամ օգոստոսին հանդիպումը ծրագրաւորելու հաւանականութիւնը: Այս մասին...

Քըրպի. «Թուրքիան Կ՛անտեսէ  Մեր Զգուշացումները»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դարձեալ Քլինթընի Ե-Նամակներու Շուրջ Հետաքննութիւն Պիտի Կատարէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դարձեալ ներքին հետաքննութիւն պիտի կատարէ Դեմոկրատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի կողմէ, արտաքին գործոց նախարար եղած շրջանին, իր պաշտօնական նամակագրութիւնը անձնական ե-նամակի հասցէով կատարելուն մասին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Պիտի փորձենք կարելի եղածին չափ արագ աշխատիլ, սակայն այս հոլովոյթին արհեստական ժամանակամիջոց մը պիտի չճշդենք»: Ան նշեց,...

Քատիրով Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Յանձնելու Չեչեն Ահաբեկիչները

Քատիրով Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Յանձնելու Չեչեն Ահաբեկիչները

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով կոչ ուղղած է Թուրքիոյ Ռուսիոյ յանձնելու երկրի տարածքին մէջ թաքնուող չեչեն ահաբեկիչները: Այս մասին Քատիրով գրած է «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ: Քատիրովի խօսքով, ան զգուշացուցած է Անգարան` ահաբեկիչներէն բխող վտանգին մասին, սակայն զանոնք յանձնելու վերաբերեալ խոստումներ լսած է միայն:

Փութինի Հետ Իր Հանդիպումը Այս Ամսուան  Վերջաւորութեան Կամ Օգոստոսին Նախատեսելով.  «Թուրքիոյ Հարցը Եգիպտոսը Իշխողին Հետ Է  Եւ Ոչ Թէ` Եգիպտացի Ժողովուրդին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Փութինի Հետ Իր Հանդիպումը Այս Ամսուան Վերջաւորութեան Կամ Օգոստոսին Նախատեսելով. «Թուրքիոյ Հարցը Եգիպտոսը Իշխողին Հետ Է Եւ Ոչ Թէ` Եգիպտացի Ժողովուրդին» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան եգիպտացի ժողովուրդին հետ հարց չունի: «Եգիպտոսի հետ խնդիրը անոր ղեկավարութեան հետ, մասնաւորաբար անոր իշխողին հետ հարց մըն է», ըսաւ ան: Էրտողան նաեւ խոստացաւ, որ վերջերս արձանագրուած յարձակումներէն ետք, Անգարա «պիտի աւելցնէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարի կշռոյթը»: «Մինչեւ այն ատեն, որ միութիւնն ու եղբայրութիւնը կը շարունակուին, անպայման որ...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Արշաւին Շուրջ Ուաշինկթընի Հետ  Բանակցութիւնները Աւարտեցան»  Ըսաւ Չաւուշօղլու

«Անգարա Կը Սպասէ Մոսկուայի Պատժամիջոցներու Ջնջման, Սակայն Կը Պնդէ Ասատի Հրաժարականին Վրայ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիան խոստացած է ջնջել Թուրքիոյ դէմ հաստատած իր պատժամիջոցները, որոնք հաստատուած էին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք, եւ այժմ Անգարայի մէջ կը սպասեն այդ սահմանափակումներու ջնջման` երկու երկիրներուն միջեւ կապերու վերահաստատման ծիրին մէջ: «Մենք յղած ենք նամակ, որ բաւական օգտակար եղած է մեր յարաբերութիւններու բարելաւման...

Իրանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Պաքու

Իրանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Պաքու

Ազրպէյճանական «հաքքին.ազ» կայքը` վկայակոչելով Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ կը նախատեսուի, թէ Իրանի նախագահը օգոստոսին այցելէ Ազրպէյճան: Համաձայնութիւնը գոյացած է երկու նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին: Նախագահ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ տուեալ այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման:

Հունգարիոյ Մէջ Գաղթականներ Հիւրընկալելու  Հարցին Վերաբերեալ Հանրաքուէն` 2 Հոկտեմբերին

Հունգարիոյ Մէջ Գաղթականներ Հիւրընկալելու Հարցին Վերաբերեալ Հանրաքուէն` 2 Հոկտեմբերին

Հունգարական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հունգարիոյ նախագահ Եանոշ Ատեր հրամանագիր մը հրապարակած է` 2 հոկտեմբերը հանրաքուէի թուական ճշդելով` երկրին մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ ճշդուած թիւով գաղթականներ հիւրընկալելու հարցին վերաբերեալ: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան փետրուարին առաջարկած էր այդ հարցին շուրջ կատարել հանրաքուէ` յայտնելով, որ իր երկիրը պիտի չմասնակցի գաղթականները Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ բաժնելու միութեան ծրագիրին: Հունգարիոյ իշխող աջակողմեան Ֆիտես...

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը Կրնայ  Տեղի Ունենալ Նախատեսուածէն Շուտ

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը Կրնայ Տեղի Ունենալ Նախատեսուածէն Շուտ

«Անգարա Կրնայ Արտօնել, Որ Ռուսիան Օգտագործէ Ինճիրլիքի Ռազմակայանը» Ըսաւ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ նախատեսուածէն շուտ: «Ամենայն հաւանականութեամբ յուլիսի վերջաւորութեան կամ օգոստոսի սկիզբը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ», ըսած է թրքական...

Ժետտայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Հիւպատոսարանին Դէմ Յարձակում Մը  Ձախողութեան Մատնուեցաւ

Ժետտայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հիւպատոսարանին Դէմ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մօտ անծանօթ մը ինքզինք պայթեցուց` վիրաւորելով ապահովական ուժերու երկու անդամներ: Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ անձի մը շարժումները ապահովական ուժերուն մօտ կասկածներ յառաջացուցած են, եւ երբ այդ ուժերուն մէկ անդամը անոր մօտեցած է զինք կանգնեցնելու համար, սակայն ան ինքզինք պայթեցուցած է: Կասկածեալը իր ինքնաշարժով ընթացած էր դէպի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մօտ...

«Պրեքզիթ»-ի Հարցով.  Առանց Խորհրդարանի Համաձայնութեան  Լիզպոնի 50-րդ Յօդուածի  Կիրարկումը Բացառելու Քայլեր

«Պրեքզիթ»-ի Հարցով. Առանց Խորհրդարանի Համաձայնութեան Լիզպոնի 50-րդ Յօդուածի Կիրարկումը Բացառելու Քայլեր

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելէ առաջ Լիզպոնի ուխտի 50-րդ յօդուածի կիրարկումը պիտի չլիազօրէ: Յանուն խումբ մը գործարարներու եւ ակադեմականներուն գործով փաստաբանական Միշքոն տէ Ռէյա ընկերութիւնը դիմած է քայլերու` ապահովելու համար, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պաշտօնական հոլովոյթը ընթացք չառնէ առանց խորհրդարանի համաձայնութեան: Փաստաբանները կը նշեն, որ վարչապետի մը համար անօրինական պիտի ըլլայ 50-րդ յօդուածի կիրարկումը...

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ-ի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ  Մօտ Օրէն Հանդիպում Մը Նախատեսուած Է»

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ-ի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Մօտ Օրէն Հանդիպում Մը Նախատեսուած Է»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ն ու Ռուսիան Վարշաւիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը նախատեսուած վեհաժողովէն «կարճ ժամանակ ետք» իրենց միջեւ զինուորական արկածներէ խուսափելու համար եւ երկխօսութիւնը բարելաւելու նպատակով նոր ժողով մը պիտի գումարեն: «ՕԹԱՆ-Ռուսիա խորհուրդը կրնայ երկխօսութեան բեմահարթակի կարեւոր դեր խաղալ, ուստի մենք Ռուսիոյ հետ աշխատանք կը տանինք կազմակերպելու վեհաժողովէն կարճ ժամանակ ետք նոր հանդիպում», ըսաւ...

Եւրոպական Միութեան Յատուկ  Ներկայացուցիչը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Զալպեր տակաւին չէ յստակացուցած այցելութեան թուականը` նշելով, որ Պաքուի մէջ պիտի ունենայ բարձր մակարդակով հանդիպումներ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուելիք հարցերու շարքին պիտի ըլլան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը: Զալպեր վերջին անգամ Ազրպէյճան այցելած էր 15 ապրիլ 2016-ին:  

Ռուսիան Պիտի Ֆինանսաւորէ Իրանն  Ու Ազրպէյճանը Միացնող  Երկաթուղիի Շինարարութիւնը

Ռուսիան Պիտի Ֆինանսաւորէ Իրանն Ու Ազրպէյճանը Միացնող Երկաթուղիի Շինարարութիւնը

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան մամլոյ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը Պաքուի մէջ շահագրգիռ կողմերու հետ քննարկած է Ռաշթ (Իրան)-Ասթարա (Ազրպէյճան) երկաթուղիի կառուցման ֆինանսաւորման գործին մէջ իր մասնակցութեան հարցը: «Փրես Թի.Վի.»-ի տուեալներով` ազրպէյճանական, իրանեան եւ ռուսական երկաթուղիներու ներկայացուցիչները մասնակցած են բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին ազրպէյճանական կողմը գործընկերներուն ներկայացուցած է նախագիծն ու առաջնահերթ առաջադրանքները:...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Անձնասպանական Գործողութիւն

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

Երէկ երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուեցաւ երկրորդ անձնասպանական գործողութիւն մը: Անծանօթ մը ինքզինք պայթեցուց Մատինա քաղաքի Հարամ Նապաուիի մօտ գտնուող ապահովական կեդրոններէն մէկուն մօտ, մայրամուտի էզանին եւ նամազին միջեւ երկարող ժամանակի ընթացքին, երբ ապահովական մարմինները իֆթար կ՛ընէին: Ըստ նախնական տուեալներուն, սպաննուած է գործողութեան հեղինակն ու ապահովական մարմիններու երկու անդամներ: Նամազի մասնակիցներէն ոչ ոք վնասուած է:  

Կոլանի Մէջ Սուրիական Բանակի Դիրքերուն Դէմ  Իսրայէլեան Օդային Հարուածներ

Կոլանի Մէջ Սուրիական Բանակի Դիրքերուն Դէմ Իսրայէլեան Օդային Հարուածներ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ «ներքին պատերազմին մէջ արտակարգ վրիպումէ մը ետք ապահովական պատին մօտ ինկած կրակոցի» մը պատճառով` իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է սուրիական բանակի երկու դիրքերու վրայ: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ ապահովական պատին մօտ ռումբեր իյնալուն պատճառով շրջանի բնակչութեան շարքերուն մէջ վնասներ չեն արձանագրուած: Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կռիւներուն չի միջամտեր, սակայն վճռակամ է...

Թրքական Նաւ Մը Հասաւ Աշտոտ.  «Թուրքիան Բոլոր Մարզերուն Մէջ  Պաղեստինցիներուն Օժանդակութիւն  Պիտի Տրամադրէ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թրքական Նաւ Մը Հասաւ Աշտոտ. «Թուրքիան Բոլոր Մարզերուն Մէջ Պաղեստինցիներուն Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ թրքական կառավարութիւնը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելէ առաջ Կազայի շրջափակման ջնջման հարցը քննարկած է պաղեստինեան Համաս եւ Ֆաթհ շարժումներուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ «եւ այդ հարցով ուժեղ զօրակցութիւն ստացած է»: «Թուրքիոյ Մերսին նաւահանգիստէն Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելը Կազայի շրջափակումը վերցնելու նախնական քայլ մըն է», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը: Նշենք,...

«Սուրիացիներուն Պիտի Արտօնենք  Թուրքիա Մնալ  Եւ Թուրքիոյ Քաղաքացիութիւն Ստանալ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սուրիացիներուն Պիտի Արտօնենք Թուրքիա Մնալ Եւ Թուրքիոյ Քաղաքացիութիւն Ստանալ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «աւելի ահաբեկչական է քան ՏԱՀԵՇ-ը»: Ան Ասատը ամբաստանեց Սուրիոյ 600 հազար քաղաքացիներու սպանութեան` աւելցնելով, որ Ասատ «ներկայիս Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին գլխաւոր պատճառն է»: Էրտողան Սուրիոյ սահմանամերձ Քիլիս կատարած իր այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ իր կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականներուն պիտի արտօնէ մնալ Թուրքիա եւ անոնց երկրին քաղաքացիութիւնը...

Պաղտատի Մէջ Տեղի Ունեցած  Ականահարումները  Հարիւրաւոր Զոհեր Խլեցին

Պաղտատի Մէջ Տեղի Ունեցած Ականահարումները Հարիւրաւոր Զոհեր Խլեցին

Շաբաթ գիշեր Պաղտատի շիիներով բնակուած Քարրատա թաղամասին մէջ մեծ պայթում մը արձանագրուեցաւ: Ժողովրդային սրճարանի մը մօտ կանք առած ականուած ինքնաշարժ մը պայթելով` ըստ իրաքեան ոստիկանութեան, պատճառեց 125 զոհ եւ 150 վիրաւոր: Շաբաթ կէս գիշերին մէկ այլ ական մը պայթեցաւ` հիւսիսային Պաղտատի շիիներով բնակուած շրջանի մը մէջ` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Քարրատայի մէջ տեղի ունեցած պայթումը իր զոհերու թիւով այս...

Լոնտոնի Մէջ Տասնեակ Հազարներու  Մասնակցութեամբ  Քայլարշաւ` Ընդդէմ «Պրեքզիթ»-ի

Լոնտոնի Մէջ Տասնեակ Հազարներու Մասնակցութեամբ Քայլարշաւ` Ընդդէմ «Պրեքզիթ»-ի

Շաբաթ օր Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ քայլարշաւ մը կատարեցին` բողոքելով իրենց երկրին` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն դէմ: Շատեր կը կրեն Եւրոպական Միութեան դրօշը եւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ «Ես Եւրոպական Միութեան հետ եմ»-ի նման կարգախօսներ գրուած էին: Լոնտոն քաղաքը անցեալ Շաբաթ երկրին` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէի ընթացքին մեծամասնութեամբ միութենէն դուրս գալուն դէմ քուէարկած էր: Անգլիոյ...

Page 781 of 882 1 … 780 781 782 … 882

Արխիւներ