Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու

Յունիս 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Egypt_62916

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 27 յունիսին պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Եգիպտոսի հետ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները բարելաւելուն դիմաց որեւէ արգելք չկայ: Նախարարական մակարդակի այցելութիւնները կրնան սկսիլ»:

Պատասխանելով Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ սպասումներու մասին հարցումին` Եըլտըրըմ նախ եւ առաջ նշած է, որ Եգիպիտոսի հարցը «շատ յստակ է»:

«(Եգիպտոսի մէջ) ժողովրդավարութիւնը յեղաշրջումի ենթարկուած է: Ժողովրդավարութիւնը հարուած մը ստացաւ: Պրն. Մուրսի, որ իր պաշտօնը ընտրութիւններու ճամբով ստացաւ, յեղաշրջումի մը ճամբով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն», ըսած է ան:

«Պրն. նախագահը (Էրտողան) սկիզբէն աշխարհին յայտնած է, որ ասիկա յեղաշրջում մըն է, եւ մենք երբեք այս ձեւով փոփոխութիւն մը պիտի չընդունինք: Ասիկա հարցին մէկ կողմն է: Ատիկա մէկ կողմ ձգենք, սակայն միւս կողմէ կեանքը կը շարունակուի», յայտնած է Եըլտըրըմ` նշելով, որ երկու երկիրները կ՛ապրին նոյն շրջանին մէջ եւ իրարու պէտք ունին:

«Մեր նաւերը դէպի Կարմիր ծով կը նաւարկեն Սուեզի նեղուցին ճամբով եւ այդտեղէն (Սէուտական) Արաբիա, Յորդանան, Եմէն եւ Ափրիկէի արեւելք կը մեկնին: Ուստի չենք կրնար մեր յարաբերութիւնները խզել նոյնիսկ եթէ ատիկա ուզենք, որովհետեւ աշխարհագրական կապ մը եւ սերտ կապեր ունինք: Անկախ վարչակարգին փոփոխութեան ձեւէն եւ կատարուած անարդար պնդումներէն ու ու պատիժներէն, մասնաւորաբար Մուրսիի եւ իր խումբին պաշտօնանկ ըլլալէն ետք, պատճառ չկայ, որ տնտեսական յարաբերութիւնները չբարելաւուին: Մեր գործարարներն ու ներդրողները կրնան փոխադարձաբար շարունակել իրենց ներդրումները բարելաւել, եւ այդպիսով թերեւս ապագային բնականոնացման համար յարմար ենթահող կրնայ պատրաստուիլ», ըսած է ան:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կախեալ է Անգարայի կողմէ Եգիպտոսի ժողովուրդի կամքի ճանաչումէն:

 

 

Նախորդը

«Պոլսոյ Օդակայանին Դէմ Յարձակումին Ետին ՏԱՀԵՇ-ը Կը Կանգնի» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Յաջորդը

Իսրայէլի Նախարարաց Խորհուրդը Վաւերացուց Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?