Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Բարձր Կը Գնահատէ Իսրայէլի Եւ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ Էրտողանի Ջանքերը

July 1, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Obama_63016

Սպիտակ տունը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր թուրք գործընկերոջ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է վերջինիս` Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը:

Սպիտակ տան կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ Օպամա բարձր գնահատած է թրքական կառավարութեան այդ քայլերը:

«Նախագահը բարձր գնահատած է նախագահ Էրտողանի եւ անոր կառավարութեան իրականացուցած գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ այս շաբաթ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրը կնքուած է, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացած է», կը նշուի Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:

Օպամա ամերիկեան կողմի օգնութիւնը առաջարկած է Էրտողանին` 28 յունիսին Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետաքննութեան համար: Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է թուրք ժողովուրդին եւ դատապարտած ահաբեկիչներուն գործողութիւնները:

Փութին-Էրտողան Հանդիպումը` Քսաններու Վեհաժողովին Ընթացքին

«Կազեթա.ռու»` յղում կատարելով թրքական պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Էրտողան հաստատած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ:

Էրտողան նշած է, որ հանդիպումը նախապէս ծրագրուած է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ոչ թէ կարելի է վերականգնել, այլ պարտադիր է, որ վերականգնին»:

Քնեսեթի Մէջ Ծեծկռտուք

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման հարցին քննարկումը Քնեսեթի մէջ ծեծկռտուքով աւարտած է: Իսրայէլացի երեսփոխաններէն մէկը քննարկումին ժամանակ իշխանութիւնները մարդասպան անուանած է:

Ան յիշեցուցած է 2010-ի դէպքերը, երբ իսրայէլացի զինուորները կրակ բացած էին «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ գտնուող թուրք իրաւապաշտպաններուն վրայ:

Համաձայնագիրի նախագիծին հակառակորդները յայտարարած են, որ Թել Աւիւ նախ եւ առաջ պէտք է պաշտօնապէս ներում հայցէ Անգարայէն եւ միայն անկէ ետք վերականգնէ յարաբերութիւնները: Այդ դիրքորոշումը ոչ բոլորը բաժնած են: Նախ սկսած է բանավէճ, որ զարգանալով վերածուած է երեսփոխաններուն միջեւ ծեծկռտուքի:

Նախորդը

Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.