Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Նախարարաց Խորհուրդը Վաւերացուց Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրը

Յունիս 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-Israel_62916

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի անվտանգութեան հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը 7 թեր եւ 3 դէմ քուէներով վաւերացուցած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրը: Դէմ քուէարկած են Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման, կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենեթ եւ արդարադատութեան նախարար Այելեթ Շէյքետ:

Լիպըրման քննարկումներուն միայն կիսուն մասնակցած եւ մեկնելէ ետք ձգած է գրութիւն մը, որուն մէջ յայտնած է համաձայնագիրին դէմ ըլլալու մասին: Միւս երկու նախարարները «Հաարեց»-ին յայտնած են, որ քննարկումները տեւած են աւելի քան չորս ժամ, եւ նիստը եղած է նախարարաց խորհուրդի ամէնէն լուրջ եւ խորքային նիստերէն մէկը:

Երկու նախարարներ, որոնք չեն ուզած իրենց անունը նշել, «Հաարեց»-ին յայտնած են, որ համաձայնագիրը կը բաղկանայ երեք էջերէ: Մէկ էջը կը վերաբերի հատուցման թղթածրարին, իսկ միւս երկուքը կը բովանդակեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մանրամասնութիւնները:

Նախորդը

Թուրքիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու

Յաջորդը

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Ռուսիա Եւ Թուրքիա Համաձայնեցան Բնականոնացնելու Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?