Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Կը Սպառնայ Ֆինլանտայի. «Ռուսիա Պիտի Հակազդէ, Եթէ Հելսինքի Միանայ ՕԹԱՆ-ին»

July 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin_70316

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շաբաթ օր այցելեց Ֆինլանտա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆինլանտայի նախագահ Սալուի Նիինիսթոյի հետ` զգուշացնելով, որ Մոսկուա պիտի հակազդէ, եթէ Ֆինլանտա միանայ ՕԹԱՆ-ին:

Խրիմի Ռուսիոյ կցումէն եւ արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներուն աջակցութենէն ետք, Ֆինլանտա եւ անոր դրացի Շուէտի ՕԹԱՆ-ին հետ համագործակցութիւնը աճած է: Այս մէկը 2014-ին նշեալ տագնապներուն ստեղծումէն ետք Փութինի Ֆինլանտա առաջին այցելութիւնն էր:

Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի յարգէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու Ֆինլանտայի որոշումը, սակայն նաեւ պիտի հակազդէ: Ռուսիոյ նախագահը Ֆինլանտայի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ընենք այդ կացութեան մէջ: Մեր ուժերը 1500 քիլոմեթր հեռացուցինք. զանոնք այդտե՞ղ պիտի պահենք: Իրենց երկրին անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը ինչպէս պաշտպանելը ֆինլանտացիներուն ընտրանքն է: Անկասկած, որ կը գնահատենք Ֆինլանտայի չէզոք դիրքորոշումը»:

Փութին աւելցուց, որ Մոսկուա պիտի ջանայ ՕԹԱՆ-ի հետ երկխօսութեան սկսիլ:

Երկու նախագահներուն հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Պալթեան շրջանին մէջ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի զինուորական գործողութեանց աճի պայմաններուն մէջ: Ֆինլանտա չէզոք երկիր մըն է, սակայն նաեւ դաշինքին միանալու նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնը աճ կ՛արձանագրէ: Յիշեցնենք, որ պալթեան երկիրները ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղած են հակաօդային պաշտպանութիւնը ամրապնդել:

Նշենք, որ մէկ շաբաթ ետք Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը:

 

Նախորդը

Խամենէի. «Չենք Ուզեր Ուաշինկթընի Հետ Շրջանային Հարցերու Որեւէ Համակարգում Կատարել Մասնաւորաբար Սուրիոյ Շուրջ»

Յաջորդը

Լոնտոնի Մէջ Տասնեակ Հազարներու Մասնակցութեամբ Քայլարշաւ` Ընդդէմ «Պրեքզիթ»-ի

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.