
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Մարիանօ Ռախոյի աջակողմեան Ժողովրդային կուսակցութիւնը կիրակի օր Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած է, սակայն խորհրդարանին մէջ չէ ապահոված բացարձակ մեծամասնութիւն:
Ժողովրդային կուսակցութիւնը 350 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ապահոված է 137 աթոռ` հաւաքելով քուէներուն 32 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքը գրաւած է Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ ապահոված է 85 աթոռ, ինչ որ հինգով նուազ է, քան ներկայ խորհրդարանին մէջ անոր աթոռները: 71 աթոռներով երրորդ տեղը գրաւած է «Միաւորուելով կարող ենք» ձախակողմեան նախընտրական դաշինքը, որ բաղկացած է Փոտեմոս եւ Միաւորուած ձախեր կուսակցութիւններէն: Խորհրդարանին մէջ 32 աթոռ ապահոված է Քաղաքացիներ հայրենասիրական կուսակցութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ արտակարգ ընտրութիւնները չյստակացուցին կառավարութեան ձեւաւորման հարցը, որովհետեւ Ժողովրդային կուսակցութիւնը պիտի չկարենայ նոյնիսկ կեդրոնամէտներու հետ համախմբական կառավարութիւն կազմել: Նոյնիսկ «Միաւորուելով կարող ենք» դաշինքին հետ դաշնակցելով ատիկա կարելի պիտի չդառնայ:


