Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Չաւուշօղլու-Լաւրով Հանդիպում

July 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cavusoglu-Lavrov_70116

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին հետ: Հանդիպումը նոյեմբեր 2015-ին Սուրիոյ վերեւ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի թրքական կործանիչներու կողմէ վար առնուելէն ետք առաջինն էր:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սեւ ծովու տնտեսական համագործակցութեան ժողովի ծիրին մէջ:

«Նաշրա» կը հաղորդէ, որ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ շուրջ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ զինուորական համակարգում տեղի կ՛ունենայ` ընդգծելով ահաբեկիչներու կողմէ Թուրքիոյ հողերը չօգտագործելու կարեւորութիւնը:

Մինչ այդ` «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Քրեմլին երէկ յայտնած է, որ հաւանականութիւն կայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սեպտեմբերին Չինաստանի մէջ Քսաններու վեհաժողովին ընթացքին հանդիպումին: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Այժմ կը թուի, որ մէկ ամիս կամ աւելի տեւող բաւական աշխուժ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան»:

Չաւուշօղլու եւս յայտնած է, որ Փութին եւ Էրտողան կրնան օգոստոսին հանդիպում ունենալ Սոչիի մէջ:

«Թուրքիյէ կազեթեսի» հաղորդեց, որ Էրտողան Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններու բարելաւման հարցին մէջ միջնորդի դեր ստանձնելուն համար շնորհակալութիւն յայտնած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնած էր Նազարպայեւին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` նշելով, որ անոնք կարեւոր դեր ունեցած են ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:

Միւս կողմէ` «Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ ռուսական զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները վերսկսած են դէպի Թուրքիա շրջապտոյտներու կազմակերպումը: Առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Նշենք, որ Փութին հինգշաբթի օր այդպիսի հրահանգ մը տուած էր: Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը յայտնած է, որ Փութին ստորագրած է 28 նոյեմբերի իր հրահանգին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հրամանագիրը: Խօսքը կը վերաբերի «Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան ապահովման, յանցագործ ու այլ հակաօրինական գործողութիւններէն Ռուսիոյ քաղաքացիներու պաշտպանութեան եւ Թուրքիոյ դէմ յատուկ տնտեսական միջոցառումներու ձեռնարկման» մասին հրամանագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու:

Նախորդը

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Իրաքի Ներքին Հարցերուն «Սէուտական Արաբիոյ Իրերայաջորդ Միջամտութիւնները»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.