Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Ստորագրեցին Իրենց Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրը

June 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-Israel_62816

Վեց տարի տեւած լարուած յարաբերութիւններէ ետք, Անգարա եւ Թել Աւիւ երէկ ստորագրեցին իրենց յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրը:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տորի Կոլտ Թել Աւիւի մէջ ստորագրած է համաձայնագիրը, իսկ «Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Անգարայի մէջ ստորագրած է համաձայնագիրը:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի վարչապետները 27 յունիսին յայտարարած էին, որ գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան վերջ տալու համաձայնութիւն մը, որ պիտի ստորագրուի 28 յունիսին:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները խզուեցան, երբ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր մայիս 2010-ին դէպի Կազա ուղղուող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ 10 թուրքեր սպաննեցին:

Յարաբերութիւնները վերականգնելու փորձերը սկիզբ առին 2015-ին, երբ երկու կողմերէն պատուիրակութիւններ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցան: Բանակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 26 յունիս 2016, երբ երկու կողմերը հանդիպում ունեցան Հռոմի մէջ` համաձայնութեան վերջին սղագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլ 20 միլիոն տոլար պիտի վճարէ` իբրեւ հատուցում «Մաւի Մարմարա»-ի զոհերուն ընտանիքներուն. այդ հատուցումին փոխարէն Թուրքիան պիտի դադրեցնէ իսրայէլացի զինուորներուն դէմ դատական հայցերը:

Համաձայնութեան ծիրին մէջ, Թուրքիոյ կ՛արտօնուի օժանդակութիւն տրամադրել Կազային: Այդ ուղղութեամբ 10 հազար թոն մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռցուած նաւ մը 1 յուլիսին Թուրքիայէն պիտի նաւարկէ դէպի Իսրայէլի Աշտոտ նաւահանգիստը:

Համաձայնութեան մէջ նշուած է նաեւ Կազայի մէջ ելեկտրականութեան նոր կայանի մը եւ ըմպելի ջուրի զտման գործարանի մը կառուցումը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար, «Իսրայէլ մեր տունը» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, որ ինք դէմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման եւ կառավարութեան նիստին ընթացքին այդ համաձայնութեան դէմ պիտի քուէարկէ:

Լիպըրման յիշեցուցած է, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլ հսկայական ջանքեր գործադրած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու գծով, անոնց հետ կարեւոր համաձայնութիւններ եւ սերտ համագործակցութիւն գոյացուցած է: Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը անուղղակի վնաս պիտի հասցնէ այդ յարաբերութիւններուն:

«Անիկա պիտի հարուածէ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ Էրտողան դժուար թէ հրաժարի Կազայի նկատմամբ իր պահանջներէն: Կազայի մէջ Թուրքիոյ դիրքերուն ամրապնդումը կրնայ տեղի ունենալ միայն Եգիպտոսի դիրքերուն թուլացման հաշուոյն: Կազի արտածման նկատմամբ եւս. կան ատով հետաքրքրուած բաւարար թիւով երկիրներ: Այդ մասին բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ, եւ որոշակի փոխըմբռնում ձեռք բերուած է», ըսած է Լիպըրման:

«Պայիթ Եահուտի» կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ յայտնեց, թէ ինք եւ արդարադատութեան նախարար Այելեթ Շաքետ եւս կառավարութեան նիստին ընթացքին Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան դէմ պիտի քուէարկեն: «Պետութիւնը չի կրնար փոխհատուցում տալ ահաբեկիչներու, որոնք փորձեցին վնաս պատճառել իսրայէլեան բանակին: Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը կարեւոր է եւ Իսրայէլի պետութեան շահերէն կը բխի, սակայն ահաբեկիչներու փոխհատուցում տալը վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որուն համար Իսրայէլ ապագային պիտի զղջայ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը այսօր ժողով մը պիտի գումարէ` վաւերացնելու համար Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնութիւնը:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին կատարած մէկ հարցախոյզին, իսրայէլացիներուն 56 առ հարիւրը Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան դէմ է, իսկ 11 առ հարիւրը այդ հարցին վերաբերեալ տեսակէտ չունի:

 

 

 

Նախորդը

Սկովտիա Կը Սպառնայ Վեթօ Կիրարկել «Պրեքզիթ»-ի Դէմ

Յաջորդը

Փութին Այսօր Էրտողանին Պիտի Հեռաձայնէ. Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Փոխհատուցում Վճարելու Մասին Իր Իսկ Խօսքերը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.