Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկովտիա Կը Սպառնայ Վեթօ Կիրարկել «Պրեքզիթ»-ի Դէմ

June 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sturgeon_62716

Սկովտիոյ կառավարութեան ղեկավար Նիքոլա Սթըրճըն, որ սկիզբէն դէմ էր «Պրեքզիթ»-ին` Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալուն, յայտարարած է, որ իր երկրին խորհրդարանը կրնայ վեթոյի իրաւունք կիրարկել «Պրեքզիթ»-ի դէմ:

Բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Սկովտիական ազգային կուսակցութեան ղեկավար Սթըրճըն «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ դիմած է սկովտիացի երեսփոխաններուն` կոչ ուղղելով իրենց օրէնսդրական համաձայնութիւնը չտալու «Պրեքզիթ»-ին:

Ան յայտնած է, որ այսպիսով ինք կ՛ուզէ Սկովտիան պաշտպանել Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալուն պատճառով յառաջանալիք տհաճ հետեւանքներէն:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախապէս Սթըրճըն ըսած էր, որ անկախ հանրաքուէին արդիւնքներէն` ինք Սկովտիոյ ապագան չի տեսներ Եւրոպական Միութենէն դուրս:

«Այն Բրիտանիան, որուն անդամակցութիւնը պահպանելու համար մենք քուէարկած ենք 2014-ին, այլեւս չկայ», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ հաւանական է կատարել Սկովտիոյ` Բրիտանիոյ կազմէն հեռանալու մասին նոր հանրաքուէ, թէեւ ինք դէմ է, որ Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ միջեւ յայտնուի պետական սահման:

Սթըրճըն նաեւ յայտնած էր, որ այսուհետեւ սկովտիական իշխանութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններ պիտի մշակեն առանձին:

Նախորդը

Փորթուգալի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Ստորագրեցին Իրենց Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.