Միջազգային

Քանատական Ոստիկանութիւնը Գնդակահարած Է  Ահաբեկչութիւն Նախապատրաստող Կասկածեալ Մը

Քանատական Ոստիկանութիւնը Գնդակահարած Է Ահաբեկչութիւն Նախապատրաստող Կասկածեալ Մը

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով քանատական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Քանատայի Օնթարիոյ նահանգին մէջ շղթայազերծուած յատուկ գործողութեան մը ընթացքին ոստիկաններու կողմէ սպաննուած է ահաբեկչութեան նախապատրաստման մէջ կասկածուող երիտասարդ մը: Ահաբեկչական հաւանական սպառնալիքի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ստանալէ ետք, քանատական ոստիկանութիւնը շրջապատած է կասկածեալին տունը: Գործողութեան մասնակցած են սակրաւորներ, արձակազէններ եւ մարզուած շուներ: Քանատական պատկերասփիւռի կայաններուն տուեալներով` սպաննուածը 23-ամեայ Ահարոն Տրայվըրն է, որ համակիր էր...

Անգարայի Մէջ Չեն Բացառեր Քսաններու  Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ  Փութին-Էրտողան Հանդիպում Մը

Անգարայի Մէջ Չեն Բացառեր Քսաններու Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում Մը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իւմիթ Եարտըմ յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ` սեպտեմբերին Չինաստանի մէջ Քսաններու խմբակի ղեկավարներու վեհաժողովին ծիրին մէջ հանդիպում մը հաւանական է: «Որովհետեւ այս հարցը նախապէս մշակուած է, ես չեմ բացառեր այդպիսի հանդիպումի մը կայացման հաւանականութիւնը», ըսած է թուրք դիւանագէտը: Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը...

Թուրք Գնդապետները  Անհետացած Են Յունաստանի Մէջ

Թուրք Գնդապետները Անհետացած Են Յունաստանի Մէջ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ բանակի ներկայացուցիչ գնդապետ Իլհան Եաշըթլը եւ Հալիս Թունջ իրենց ընտանիքներով միասին անհետացած են: Յունական կողմը անոնց գտնուած վայրին մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած: 7 օգոստոսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն խնդրած է չեղեալ նկատել երկու գնդապետներուն հաւատարմագրումը, ինչ որ յունական կողմը կատարած է: Յայտնի չէ, թէ երկու թուրք...

Պայթումներ` Թուրքիոյ  Մարտին Շրջանին Մէջ

Պայթումներ` Թուրքիոյ Մարտին Շրջանին Մէջ

Երէկ թրքական Մարտին նահանգի հիւանդանոցին մօտ տեղի ունեցած է պայթում մը. մահացած է առնուազն 6 բնակիչ եւ արձանագրուած է 50 վիրաւոր: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ երկրի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ ոստիկանական ինքնաշարժ մը պայթած է:

«Ռուսիոյ Հետ Աշխատանք  Կը Տանինք Սուրիոյ  Հարցով Աշխատանքի Ուժեղ Մեքանիզմ  Ստեղծելու Ուղղութեամբ»  Ըսաւ Չաւուշօղլու

«Ռուսիոյ Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիոյ Հարցով Աշխատանքի Ուժեղ Մեքանիզմ Ստեղծելու Ուղղութեամբ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Թուրքիա Ռուսիոյ հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ հարցով աշխատանքի ուժեղ մեքանիզմ ստեղծելու ուղղութեամբ»` նշելով, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ զինադուլի հարցով Ռուսիոյ ունեցած պատկերացումին նմանը ունի: Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու կարեւորութեան վերաբերեալ: Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած...

«Ռուսիա Եւ Թուրքիա Շահագրգռուած Են Լիարժէք  Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Վերականգնումով»  Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

«Ռուսիա Եւ Թուրքիա Շահագրգռուած Են Լիարժէք Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Վերականգնումով» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

«Լենթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յաջող բանակցութիւնները, հանդիպումին տնտեսական մարզի նախարարներու, ռազմական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ երկու երկիրները շահագրգռուած են լիարժէք երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերականգնումով: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու պետութիւնները` յիշելով նոյեմբեր 2015-ին վար առնուած ռուսական օդանաւի ողբերգութենէն քաղուած...

Մտահոգութիւն Յայտնելով Թշնամական  Արտայայտութիւններու Վերաբերեալ`  Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Ղեկավարներէն  Աւելի Զուսպ Յայտարարութիւններ Կ՛ակնկալէ

Մտահոգութիւն Յայտնելով Թշնամական Արտայայտութիւններու Վերաբերեալ` Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Ղեկավարներէն Աւելի Զուսպ Յայտարարութիւններ Կ՛ակնկալէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ մտահոգութիւն յայտնեց վերջին շրջանին թրքական ղեկավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ թշնամական արտայայտութիւններուն վերաբերեալ: Ան նշեց, որ Թուրքիայէն հնչող կարգ մը կեցուածքներ «օգտակար» չեն, եւ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ թուրք պաշտօնատարները «իրենց յայտարարութիւններուն մէջ պատասխանատու կեցուածք որդեգրեն»: «Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնն ու բարեկամութիւնը ուժեղ են», ըսաւ ան լրագրողներուն` աւելցնելով, որ...

Թուրք Սպան Ապաստան Խնդրած Է  Միացեալ Նահանգներէն

Թուրք Սպան Ապաստան Խնդրած Է Միացեալ Նահանգներէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք սպայ մը ապաստան խնդրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն: Ան ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան ծիրին մէջ ծառայած է Նորֆոլքի մէջ: Թրքական իշխանութիւնները Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք թուրք սպան հայրենիք կանչած են, սակայն վերջինս անհետացած է: Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան աշխատակիցներէն մէկը գաղտնիութեան պայմաններու մէջ մանրամասնած է, որ Թուրքիոյ ծովուժի ծովակալ...

Լաւրով Եւ Շթայնմայեր Քննարկած Են  Միջսուրիական Բանակցութիւններու  Վերսկսման Հարցը

Լաւրով Եւ Շթայնմայեր Քննարկած Են Միջսուրիական Բանակցութիւններու Վերսկսման Հարցը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը եւ ընդգծած միջսուրիական երկխօսութեան վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: «Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացման, այդ երկրին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման միջազգային աջակցութեան խնդիրներուն շուրջ` շեշտը դնելով...

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Պահանջած Է  Դադրեցնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Պահանջած Է Դադրեցնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Ենիչաղ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Դանիոյ իշխող Ազատական կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան բանբեր Միշել Աասթրուփ Ենսըն յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն: Մեկնաբանելով Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գաղթականներու շուրջ համաձայնագիրի կեանքի կոչման եւ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման շուրջ Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ տարակարծութիւններն ու Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք ստեղծուած...

Պրազիլի Ծերակոյտը Պաշտպանեց Ռուսեֆի  Պաշտօնազրկման Հոլովոյթին Սկսիլը

Պրազիլի Ծերակոյտը Պաշտպանեց Ռուսեֆի Պաշտօնազրկման Հոլովոյթին Սկսիլը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պրազիլի Ծերակոյտը քուէարկած է նախագահի պաշտօնէն ժամանակաւորապէս հեռացուած Տիլմա Ռուսեֆի պաշտօնազրկման հոլովոյթին սկսելու օգտին: Որոշումը որդեգրուած է պարզ մեծամասնութեամբ. 59 ծերակուտական թեր քուէարկած է որոշումին, իսկ 21 ծերակուտական` դէմ: Ռուսեֆի պաշտօնազրկման քննարկումը սկսած է 9 օգոստոսի երեկոյեան եւ շարունակուած գիշերը: Քուէարկութեան առարկայ դարձած էր ծերակուտական Անթոնիու Անասթասիայի զեկուցումը, որուն մէջ ան շարադրած է Ռուսեֆին ներկայացուող մեղադրանքները...

«Սկովտիան Պէտք Է Մնայ Եւրոպական  Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Մէջ»  Կ՛ըսէ Սթըրճըն

«Սկովտիան Պէտք Է Մնայ Եւրոպական Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Սթըրճըն

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ վարչապետ Նիքոլա Սթըրճըն գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է, որ Սկովտիան պէտք է մնայ Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ` նաեւ մնալով Բրիտանիոյ մէկ մասը: «Որովհետեւ մենք յայտնուած ենք աննախադէպ պայմաններու մէջ, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք մտածելու աննախադէպ որոշումներու մասին», նշած է ան: Սթըրճըն նաեւ չէ բացառած, որ Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ Սկովտիան պահպանելու...

Ազգային Ապահովութեան Մարզին Մէջ Գործած  50 Հանրապետականներ Թրամփի Դէմ  Բաց Նամակ Կը Հրապարակեն

Ազգային Ապահովութեան Մարզին Մէջ Գործած 50 Հանրապետականներ Թրամփի Դէմ Բաց Նամակ Կը Հրապարակեն

Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան մարզի 50 հանրապետական մասնագէտներ բաց նամակ մը ստորագրեցին` զգուշացնելով, որ Տանըլտ Թրամփը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ «ամէնէն անխոհեմ նախագահը պիտի ըլլայ»: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած նամակը ստորագրողներուն շարքին են «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն Մայքըլ Հայտըն, ազգային տեղակահաւաքի առաջին տնօրէն, արտաքին գործոց փոխնախարար Ճոն Նեկրոփոնթէ, արտաքին գործոց փոխնախարար, Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ռապըրթ Զոլիք եւ Տիք...

Աւստրիա Կը Պատրաստուի Խոչընդոտելու  Թուրքիոյ` Եւրոպական  Միութեան Անդամակցութիւնը

Աւստրիա Կը Պատրաստուի Խոչընդոտելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Սեպասթիան Քուրց «Էրմենիհապեր»` յղում կատարելով «Հապերթուրք»-ին, կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց սպառնացած է խոչընդոտել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը: «Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին մէջ, ուր ես աթոռ եւ ձայնի իրաւունք ունիմ, կը քննարկուի այն հարցը, թէ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու նոր փուլ պիտի սկսի՞, թէ՞ ոչ: Այս հարցին մէջ ես բացասական դիրքորոշում ունիմ»,...

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Սկսած Են Մուսուլէն  Դուրս Բերել Համակարգիչներն Ու Փաստաթուղթերը

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Սկսած Են Մուսուլէն Դուրս Բերել Համակարգիչներն Ու Փաստաթուղթերը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մուսուլի մէջ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Շաֆաք Նիուզ»-ին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սկսած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Մուսուլէն Իրաքի Նինուէ նահանգ տեղափոխել համակարգիչներն ու փաստաթուղթերը: Աղբիւրին տուեալներով` զինեալները Մուսուլէն Սուրիոյ Ռաքքա քաղաք տեղափոխած են համակարգիչներ եւ զինեալներու եւ խմբաւորման կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու կատարման ծրագիրներու մասին տուեալներ պարունակող թղթածրարներ: Ան աւելցուցած է, որ խմբաւորումը նաեւ փոխած...

Էրտողան Եւ Փութին Հանդիպումին`  Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան Եռեակի  «Ազդուութիւնը» Աւելցնելու Համաձայնութիւն

Էրտողան Եւ Փութին Հանդիպումին` Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան Եռեակի «Ազդուութիւնը» Աւելցնելու Համաձայնութիւն

Էրտողան. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Դրական Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ Շրջանի Խնդիրներուն Լուծման Վրայ» Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Ասիկա Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք Էրտողանի առաջին արտասահման այցելութիւնն էր: Թուրքիոյ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր փոխվարչապետ Մեհմեթ Շիմշեք, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի, ուժանիւթի նախարար Պերաթ...

Սուրիական Բանակը Վերականգնեց  Արեւելեան Հալէպի Պաշարման Օղակը.  ՄԱԿ Հալէպի Մարտերուն Անյապաղ Դադար  Կը Պահանջէ` Մարդասիրական  Գործողութիւն Կատարելու Համար

Սուրիական Բանակը Վերականգնեց Արեւելեան Հալէպի Պաշարման Օղակը. ՄԱԿ Հալէպի Մարտերուն Անյապաղ Դադար Կը Պահանջէ` Մարդասիրական Գործողութիւն Կատարելու Համար

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական աշխատանքի համակարգող Եաաքուպ Հըլու եւ սուրիական ճգնաժամի շրջանային համակարգող Քեւին Քենետի յայտնեցին, որ ՄԱԿ պահանջած է անյապաղ դադար ապահովել Հալէպի շրջանի մարտական գործողութիւններուն` գործադրելու համար մարդասիրական գործողութիւն մը, որ պիտի ներառէ քաղաքի ելեկտրամատակարարման եւ ջրմուղի վնասուած համակարգերու նորոգումը: Անոնք նշեցին, որ Հալէպի մէջ առանց լոյսի եւ ջուրի մնացած է աւելի...

«Ազրպէյճան Ռուսիայէն Օդանաւեր Պիտի Գնէ  Եւ Պաքուի Մէջ Օդանաւերու  Կազմութեան Գործարան Պիտի Բացուի»  Կ՛ըսէ Ռոկոզին

«Ազրպէյճան Ռուսիայէն Օդանաւեր Պիտի Գնէ Եւ Պաքուի Մէջ Օդանաւերու Կազմութեան Գործարան Պիտի Բացուի» Կ՛ըսէ Ռոկոզին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի վեհաժողովէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիան իբրեւ լաւ եւ ոչ թանկարժէք զէնքի մեծ արտածող հետաքրքրական է Պաքուին եւ Թեհրանին համար: Ան յայտնած է, որ Պաքու հետաքրքրուած է Ռուսիայէն նորագոյն «Էմ.Սի.-21» օդանաւերու գնումով` աւելցնելով, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ առնուազն 10 ռուսական օդանաւի գնման...

Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն Պահանջած Է  Յայտնել Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Ժամկէտը

Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն Պահանջած Է Յայտնել Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Ժամկէտը

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի դադրի կատարելէ Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու համաձայնութեան ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները, եթէ Պրիւքսէլ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի սահմանափակումները վերցնելու ժամկէտ չսահմանէ: Մուտքի արտօնագիրները ջնջելու համար Թուրքիոյ կողմէ պայմանները կատարելու մասին Եւրոպական յանձնաժողովի վերջին զեկուցումին մէջ գոյութիւն ունի երկու կէտ, որոնց...

Պաքուի Մէջ Փութին-Ալիեւ-Ռուհանի  Եռակողմ Հանդիպումին.  Կողմերը Ընդգծած Են Շրջանին Մէջ Գոյութիւն  Ունեցող Տագնապներուն Շուտափոյթ  Լուծումին Կարեւորութիւնը

Պաքուի Մէջ Փութին-Ալիեւ-Ռուհանի Եռակողմ Հանդիպումին. Կողմերը Ընդգծած Են Շրջանին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Տագնապներուն Շուտափոյթ Լուծումին Կարեւորութիւնը

Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ երէկ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ` Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին իբրեւ արդիւնք որդեգրուած է հռչակագիր մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երեք երկիրները մտադիր են հակազդել ահաբեկչութեան: Կողմերը նաեւ կ’ընդունին, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները էական խոչընդոտ են շրջանային համագործակցութեան համար եւ ընդգծած...

Page 770 of 882 1 … 769 770 771 … 882

Արխիւներ