
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ մտահոգութիւն յայտնեց վերջին շրջանին թրքական ղեկավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ թշնամական արտայայտութիւններուն վերաբերեալ:
Ան նշեց, որ Թուրքիայէն հնչող կարգ մը կեցուածքներ «օգտակար» չեն, եւ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ թուրք պաշտօնատարները «իրենց յայտարարութիւններուն մէջ պատասխանատու կեցուածք որդեգրեն»:
«Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնն ու բարեկամութիւնը ուժեղ են», ըսաւ ան լրագրողներուն` աւելցնելով, որ ամերիկաբնակ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնումը պիտի ըլլայ «իրաւաբանական, թեքնիք հոլովոյթ մը… մեր երկու երկիրներուն կողմէ 1981-ին ստորագրուած արտայանձնումի համաձայնութեան հիմամբ», նշեց Թրիւտօ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դատապարտեց թրքական մամուլին այն պնդումը, որ ամերիկեան ակադեմական հիմնարկ մը` «Ուիլսըն» կեդրոնը առնչակից է յեղաշրջումի փորձին:
«Այդպիսի դաւադրութեան տեսութիւնը, հրահրիչ խօսքերը, ինչպէս ըսի, բացարձակապէս օգտակար չեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Դաւադրութեան տեսութիւնները մեզ տեղ չեն հասցներ»:
Ուաշինկթըն Խնդիր Չի Տեսներ Մոսկուայի Եւ
Անգարայի Մերձեցման Հարցին Մէջ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն կարծեր, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մերձեցումը կը վնասէ Ուաշինկթընի շահերուն:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ արդեօք ամերիկեան կողմի շահերը կը վնասուի՞ն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիա այցելութենէն, Թրիւտօ ըսած է. «Ես ամբողջովին պիտի անջատէի այդ հարցերը: Ինչպէս նշած եմ, մենք ատիկա չենք ընկալեր իբրեւ զերոյական գումարով խաղ (խաղ, որուն մէջ կարելի է յաղթել միայն մրցակիցի հաշուոյն): Անոնք գերիշխան պետութիւններ են, որոնք ունին հասարակաց նպատակներ ո՛չ միայն ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ, այլ նաեւ` Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի ծիրին մէջ»:
Սէուտական Արաբիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Եունես Տեմիրար «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները ռազմավարական են եւ Ուաշինկթընի ու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն միջեւ հակասութիւն չկայ»:


