Միջազգային

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Յայտարարէ.  «Մահապատիժի Սահմանումը Վերջակէտ Պիտի Դնէ  Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Շուրջ Բանակցութիւններուն»

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Մահապատիժի Սահմանումը Վերջակէտ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններուն»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաւսան Շեպլի յայտարարած է, որ մահապատիժին վերականգնումը պիտի նշանակէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն դադրեցումը: «Թուրքիոյ կողմէ մահապատիժի սահմանումը անհամատեղելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան արժէքներուն հետ: Ատիկա պիտի նշանակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու դադրեցումը», ըսած է ան: Նշենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր...

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան  Նախօրեակին.  «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական  Տագնապին Լուծումը Անկարելի Է»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիա իր այցելութեան նախօրեակին ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է: «Առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան անկարելի է գտնել սուրիական խնդիրի լուծումը: Միայն Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան պարագային մենք կրնանք լուծել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը», ըսած է Էրտողան: Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ...

Ըստ Միթ-ի.  Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջումի Փորձին Համար  Մեղադրուող 3 Զօրավարներ  Եւ 60 Սպաներ Փախած Են Իրաք

Ըստ Միթ-ի. Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջումի Փորձին Համար Մեղադրուող 3 Զօրավարներ Եւ 60 Սպաներ Փախած Են Իրաք

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձին համար մեղադրուող երեք զօրավարներ եւ 60 սպաներ փախած են Իրաք: Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի եւ թրքական բանակի սպայակոյտի տուեալներուն համաձայն, փախուստի դիմած բանակայինները կը պահուըտին հիւսիսային Իրաքի` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ճամբարներուն մէջ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ հանրահաւաքին ընթացքին իր արտասանած...

«ՔԱԿ Պիտի Շարունակէ Քիւրտերուն  Ազատագրական Պայքարը»  Կ՛ըսէ Պայըք

«ՔԱԿ Պիտի Շարունակէ Քիւրտերուն Ազատագրական Պայքարը» Կ՛ըսէ Պայըք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալ թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք թրքական «Հապեր.սոլ» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՔԱԿ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու ազատագրական պայքարը: Նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած զինուորական ձախող յեղաշրջումին պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար խանգարել իրենց պայքարը, Պայըք ըսած...

Փաքիստանի Մէջ Ականահարուեցաւ  Քուեթայի Հիւանդանոցը

Փաքիստանի Մէջ Ականահարուեցաւ Քուեթայի Հիւանդանոցը

Երէկ Փաքիստանի Քուեթա քաղաքի հիւանդանոցի ականահարումին պատճառով արձանագրուեցաւ առնուազն 40 զոհ եւ 50 վիրաւոր: Պայթումը տեղի ունեցաւ Պելուջիստանի Փաստաբաններու ընկերակցութեան նախկին նախագահ Պիլալ Անուար Քասիի սպանութենէն քանի մը ժամ ետք: Վերջինիս դիակը տեղափոխուած էր հիւանդանոց: Պայթումը տեղի ունեցաւ անոր գործընկերներուն, ծանօթներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներու հիւանդանոց հասնելէն ետք: Ոստիկանութեան տուեալներով` պայթումէն ետք անծանօթ զինեալ մը կրակ բացած է: Անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները...

Ամերիկեան Նացիական  Կուսակցութեան  Ղեկավարը Իր Աջակցութիւնը  Յայտնած Է Թրամփին

Ամերիկեան Նացիական Կուսակցութեան Ղեկավարը Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Թրամփին

«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Ամերիկեան նացիական կուսակցութեան ղեկավար Ռաքի Սուհայտա իր աջակցութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփին: Սուհայտա իր ձայնասփիւռի հաղորդումին ծիրին մէջ յայտնած է. «Թրամփի յաղթանակը իսկական առիթ մը պիտի ըլլայ սպիտակամորթ ազգայնականներուն համար»: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախապէս Մեքսիքայի նախագահը Թրամփը նմանցուցած էր Ատոլֆ Հիթլերին` անոր ցեղապաշտական արտայայտութիւններուն պատճառով: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու...

«Ուաշինկթընի Կողմէ Թեհրանին Գումարներ  Յանձնելը Հիւլէական Թղթածրարի Շուրջ  Համաձայնութեան Հետ Կապ Չունի»  Ըսաւ Շամխանի

«Ուաշինկթընի Կողմէ Թեհրանին Գումարներ Յանձնելը Հիւլէական Թղթածրարի Շուրջ Համաձայնութեան Հետ Կապ Չունի» Ըսաւ Շամխանի

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանի հերքեց իրանցի նախարարի մը այն խօսքը, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Թեհրանի 400 միլիոն տոլարի յանձնումը հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ համաձայնութեան ծիրին մէջ էր: Շամխանի հաստատեց, որ Իրան ստացած է այդ գումարը այն դատին համար, որ յարուցուած էր Իրանի կողմէ` վերստանալու համար այն գումարը, որ իսլամական յեղափոխութենէն առաջ զէնք գնելու համաձայնութեան ծիրին մէջ վճարուած էր Միացեալ...

ճափոնի աքիհիթօ կայսրը ակնարկած է  գահէն հրաժարելու կարելիութեան

ճափոնի աքիհիթօ կայսրը ակնարկած է գահէն հրաժարելու կարելիութեան

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճափոնի Աքիհիթօ կայսրը ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ ակնարկած է հետագային գահէն հրաժարելու կարելիութեան: Կայսեր 10 վայրկեան տեւած ուղերձը նախապէս ձայնագրուած եղած է: Աքիհիթօ անդրադարձած է իր տարիքին, խճողուած աշխատանքին, առողջութեան առնչուած խնդիրներուն: «Ես մտավախութիւն ունիմ, որ օրէ օր ինծի համար աւելի դժուար պիտի ըլլայ կատարել իմ պարտականութիւններս», նշած է ան: Աքիհիթօ ներկայիս կը...

«Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Յարաբերութիւնները  Կը Զարգանան Արագ Կշռոյթով»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան Արագ Կշռոյթով» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջող կերպով եւ արագ կշռոյթով: Ալիեւ Պաքուի մէջ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Մեր միջեւ փոխադարձ եւ յաճախակի այցելութիւնները մեր յարաբերութիւններու արագ զարգացման փաստն են»: Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ բազմաթիւ հարցեր` համոզում յայտնելով, որ Իրանի նախագահի Ազրպէյճան այցելութիւնը պիտի առաջնորդէ...

Ժապհաթ Նուսրա Հալէպի Պաշարման  Խզումը Կը Յայտարարէ

Ժապհաթ Նուսրա Հալէպի Պաշարման Խզումը Կը Յայտարարէ

«Պի.Պի.Սի.», «Եուրոնիուզ» եւ «Մայատին» հաղորդեցին, Ժապհաթ Նուսրա յայտարարած է, որ խզած է ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի` սուրիական բանակին կողմէ պաշարումը: Ժապհաթ Ֆաթհ Շամ, որ նախապէս ծանօթ էր Ժապհաթ Նուսրա անունով, հրապարակեց լուսանկարներ փաստելու համար, թէ ձեռք ձգած է սուրիական բանակին պատկանող զէնքեր: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանէն Ռամի Ապտել Ռահման յայտնեց, որ անոնք կրցած են պաշարումը խզել, սակայն...

Սքոփիէի Մէջ Յորդառատ Անձրեւները  Պատճառեցին 20 Զոհ

Սքոփիէի Մէջ Յորդառատ Անձրեւները Պատճառեցին 20 Զոհ

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ յորդառատ անձրեւներուն պատճառով արձանագրուեցաւ 20 զոհ: Զոհերուն դիակները յայտնաբերուեցան կիրակի առաւօտեան` փոթորիկին աւարտէն ետք: Զոհերէն ոմանք խեղդամահ եղան իրենց ինքնաշարժներուն մէջ: Շատերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Ջուրերը խուժեցին մայրաքաղաքի ճամբաներուն մէկ մասը` ինքնաշարժները իրենց հետ տանելով դաշտերը: Փոթորիկի ընթացքին 93 մմ անձրեւ տեղացած է Սքոփիէի մէջ, ինչ որ ամբողջ օգոստոս ամսուան միջինէն աւելի է: Ջուրին բարձրութիւնը...

Պելճիքայի Մէջ Կացինով Յարձակում  Գործած Անձը Ալճերիացի Մըն Է

Պելճիքայի Մէջ Կացինով Յարձակում Գործած Անձը Ալճերիացի Մըն Է

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ պելճիքացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ շաբաթ օր պելճիքական Շարլըրուա քաղաքին մէջ կացինով երկու կին ոստիկաններ վիրաւորած անձը 33 տարեկան ալճերիացի մըն էր, որ քրէական նախադէպեր ունէր, սակայն ծանօթ չէր իբրեւ ահաբեկչական գործունէութիւն ունեցող անձ: Ան ոստիկանատան առջեւ յարձակում գործելու ընթացքին բացագանչած էր «Ալլահ աքպար»: Ոստիկան մը կրակ բանալով սպաննած էր զինք, սակայն նախքան այդ ան վիրաւորած էր...

«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Սուրիոյ  Հարցին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութեան  Կարելիութիւն Կը Տեսնեն»  Կ՛ըսէ Քերրի

«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Սուրիոյ Հարցին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութեան Կարելիութիւն Կը Տեսնեն» Կ՛ըսէ Քերրի

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անհրաժեշտ կը նկատէ Ռուսիոյ հետ բաց դիւանագիտական խողովակի աջակցութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ տագնապը լուծուի: Հակառակ վարչակազմի միւս ներկայացուցիչներու թերահաւատութեան, Քերրի աշխուժօրէն կ՛արտայայտուի ի նպաստ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան: «Մենք կը կարծենք, որ տակաւին պէտք է հակուած ըլլանք այդ մօտեցումին: Կը մնայ...

Միացեալ Նահանգներ Կիւլենի Արտայանձնումին  Հարցով Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Ուղարկեն Թուրքիա

Միացեալ Նահանգներ Կիւլենի Արտայանձնումին Հարցով Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Ուղարկեն Թուրքիա

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան յղած է նամակ մը, որուն մէջ առաջարկ ներկայացուցած է ամերիկաբնակ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու հարցով: Նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներ առաջարկած են Կիւլենի արտայանձնումի խնդիրին հետ կապուած Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը ուղարկել Միացեալ Նահանգներ կամ նոյնպիսի պատուիրակութիւն մը Միացեալ Նահանգներէն ուղարկել Թուրքիա: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան...

«Հակառակ Սուրիոյ Շուրջ Տարակարծութեան`  Թուրքիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները  Ռազմավարական Են»  Կ՛ըսէ Վիլայեթի

«Հակառակ Սուրիոյ Շուրջ Տարակարծութեան` Թուրքիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Ռազմավարական Են» Կ՛ըսէ Վիլայեթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական եւ վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդի ռազմավարական հետազօտութեանց կեդրոնի ղեկավար Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ «աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններ այլեւս համոզուած են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ»` աւելցնելով. «Այժմ խօսքը կը վերաբերի այն հարցին, թէ Ասատ իր ներկայ նստաշրջանի աւարտէն ետք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ»: Ան յայտնեց, որ եթէ Ասատ որոշէ...

Ափրիկեան Երկիրներէն 40-ը  Ազրպէյճանէն Աւելի Ժողովրդավար Է

Ափրիկեան Երկիրներէն 40-ը Ազրպէյճանէն Աւելի Ժողովրդավար Է

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ 2015-ի տուեալներուն համաձայն, «Եունիթ» կազմակերպութիւնը 165 անկախ երկիրներու եւ 2 տարածքներու մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ Ազրպէյճանը դասած ափրիկեան մենատիրական երկիրներու շարքին: Ցանկին վրայ Ազրպէյճան գրաւած է 149-րդ դիրքը, իսկ Ափրիկէի մօտաւորապէս 40 երկիրներ Ազրպէյճանէն աւելի ժողովրդավար նկատուած են: Ազրպէյճանէն առաջ դասուած են նաեւ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Թուրքիան: Ցանկը պատրաստուած է նկատի...

«Նազարպայեւ Մեծ Ներդրում Ունեցած Է  Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Մէջ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Նազարպայեւ Մեծ Ներդրում Ունեցած Է Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մէջ» Կ՛ըսէ Էրտողան

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Նազարպայեւ մեծ ներդրում ունեցած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ: «Երբ մենք խնդիրներ ունէինք մեր յարաբերութիւններուն մէջ, Նազարպայեւ բազմաթիւ բանակցութիւններ կատարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ», ըսած է ան: Էրտողանի հրաւէրով ուրբաթ օր Թուրքիա այցելած Նազարպայեւ...

Նիսի Յարձակումէն Ետք`  Ֆրանսացիները Չեն Հաւատար  Արտակարգ Դրութեան Ազդուութեան

Նիսի Յարձակումէն Ետք` Ֆրանսացիները Չեն Հաւատար Արտակարգ Դրութեան Ազդուութեան

Վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ Նիսի մէջ յունիսին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ետք, ֆրանսացիները այլեւս չեն հաւատար, որ երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը զիրենք կը պաշտպանէ կամ կրնայ արգելք հանդիսանալ ահաբեկչական յարձակումներու: Ըստ հարցախոյզի արդիւնքին, ֆրանսացիներուն 29 առ հարիւրը անապահով կը զգայ, իսկ Ֆրանսայի մէջ ապահովութիւնը ապակայուն է, 76 առ հարիւրը չի կարծեր, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը կրնայ...

Ժիպրալթարը Պաշտպանելու  Բրիտանական Կոչեր

Ժիպրալթարը Պաշտպանելու Բրիտանական Կոչեր

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն նախկին պաշտօնատար մը կոչ ուղղած է մարտանաւերը ուղարկելու` Միջերկրականն ու Ատլանտեան ովկիանոսը իրարու  միացող նեղուցին հսկող եւ տասնամեակներէ ի վեր բրիտանական գերիշխանութեան տակ եղող Ժիպրալթարը պաշտպանելու համար: Լուք Քոֆի անունով նախկին պետական պաշտօնատարը, որ ներկայիս Արտաքին քաղաքականութեան ուսումնասիրութեան «Ալիսըն» հետազօտական կեդրոնին տնօրէնն է, յայտնած է, որ Բրիտանիան պէտք է այդտեղի գերիշխանութեան...

Իտալիոյ Մէջ Որդեգրուած Է Սննդեղէնի  Եւ Դեղերու Վատնումը Արգիլող Օրէնք Մը

Իտալիոյ Մէջ Որդեգրուած Է Սննդեղէնի Եւ Դեղերու Վատնումը Արգիլող Օրէնք Մը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ մէջ որդեգրուած է նոր օրէնք մը` ամէն տարի աղբանոցներ նետուող մեծ ծաւալներով սննդեղէնի վատնումը կանխարգիլելու շարք մը միջոցառումներու մասին: Օրինագիծը, որուն թեր քուէարկած են 181 ծերակուտականներ, դէմ` 2 ծերակուտականներ եւ ձեռնպահ` 16 ուրիշներ, կը նպատակադրէ թափօնի վերածուող 5 միլիոն թոն սննդեղէնը տարեկան 1 միլիոն թոնով նուազեցնել: Կառավարութեան կարծիքով` սննդեղէնի անիմաստ կորուստը երկրի տնտեսութեան եւ բնակիչներուն...

Page 771 of 882 1 … 770 771 772 … 882

Արխիւներ