Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Գնդապետները Անհետացած Են Յունաստանի Մէջ

August 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Athens_81116

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ բանակի ներկայացուցիչ գնդապետ Իլհան Եաշըթլը եւ Հալիս Թունջ իրենց ընտանիքներով միասին անհետացած են: Յունական կողմը անոնց գտնուած վայրին մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած:

7 օգոստոսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն խնդրած է չեղեալ նկատել երկու գնդապետներուն հաւատարմագրումը, ինչ որ յունական կողմը կատարած է:

Յայտնի չէ, թէ երկու թուրք գնդապետները իրենց ընտանիքներու 8 անդամներուն հետ ե՛րբ անյայտացած են:

Յունական մամուլը յառաջ քշած է այն վարկածը, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի այն կասկածը, որ գնդապետները կրնան կապ ունեցած ըլլալ 15 յունիսին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումի փորձին հետ, որուն պատճառով ալ կը պահուըտին թրքական հետապնդումէն: Յունական «Էլեֆթերոս Թիփոս» թերթը հաւանական նկատած է, որ թուրք գնդապետները փախած են Իտալիա: «Արապիյա» կը հաղորդէ, որ Պոսնիա գտնուող թուրք զինուորական կցորդներ եւս անհետացած են:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըղ կը յայտնէ, որ յեղաշրջումի ձախող փորձին առնչուած 311 զինուորականներու փնտռտուքը կը շարունակուի: Ըստ անոր, նշեալներուն շարքին են 9 զօրավարներ:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա յայտնած է, որ երկրին մէջ ահաբեկչական նկատուող ՖԵԹԷՕ (Ֆեթհուլլա Կիւլենի) կազմակերպութեան դէմ գործողութեան ծիրին մէջ աշխատանքէ վտարուած է 76.100 պետական պաշտօնեայ:

Ալա յայտնած է, որ ձերբակալուած է 16.899 մարդ, որոնցմէ 3083-ը` ոստիկան, 7248-ը` զինուորական, իսկ 2288-ը` դատաւոր ու դատախազ:

Ան աւելցուցած է, որ 190 զինուորներ, որոնց շարքին` 9 զօրավար եւ 96 ոստիկան, կը գտնուին հետախուզման մէջ:

Նշենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, յեղաշրջումի փորձին կազմակերպիչները օգտագործած են 35 օդանաւ, 37 ուղղաթիռ, 246 զրահապատ մեքենաներ, որոնցմէ 34-ը` հրասայլ, 3 նաւ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երէկ յայտարարած է, որ կրթութեան մարզի 27.424 անձերու աշխատանքի արտօնագիրները չեղեալ յայտարարուած են:

 

 

Նախորդը

Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Կեդրոնի Մը

Յաջորդը

Անգարայի Մէջ Չեն Բացառեր Քսաններու Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում Մը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.