Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ երէկ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ` Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին իբրեւ արդիւնք որդեգրուած է հռչակագիր մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երեք երկիրները մտադիր են հակազդել ահաբեկչութեան:
Կողմերը նաեւ կ’ընդունին, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները էական խոչընդոտ են շրջանային համագործակցութեան համար եւ ընդգծած են անոնց լուծման կարեւորութիւնը:
Հռչակագիրին մէջ նաեւ կ’ընդգծուի երկիրներուն առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ խթանման անհրաժեշտութիւնը: