Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւ Փութին Հանդիպումին` Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան Եռեակի «Ազդուութիւնը» Աւելցնելու Համաձայնութիւն

Օգոստոս 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin-Erdogan_80916

Էրտողան. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Դրական Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ Շրջանի Խնդիրներուն Լուծման Վրայ»

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Ասիկա Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք Էրտողանի առաջին արտասահման այցելութիւնն էր:

Թուրքիոյ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր փոխվարչապետ Մեհմեթ Շիմշեք, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի, ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, փոխադրամիջոցներու նախարարները, Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահը եւ զինուորական արդիւնաբերութեան գծով քարտուղարը:

Փութին ըսաւ, որ Էրտողանի Ռուսիա այցելութիւնը կը վկայէ յանուն երկու երկիրներու շահերուն երկխօսութիւնը վերականգնելու ցանկութեան մասին: «Ձեր այսօրուան այցելութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ ներքաղաքական շատ բարդ կացութեան, կը խօսի այն մասին, որ մենք բոլորս կը փափաքինք վերականգնել մեր երկխօսութիւնը, վերականգնել յարաբերութիւնները յանուն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու շահերուն», ըսաւ Փութին:

Ան յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակն ու բնոյթը հասած են «աննախադէպ բարձր մակարդակի, սակայն յայտնի ողբերգութենէն ետք, որուն պատճառով անցեալ տարուան նոյեմբերին զոհուեցաւ մեր զինուորը, անոնք գլորուեցան շատ ցած մակարդակի», ըսած է ան:

Փութին Էրտողանին յիշեցուց. «Ես առաջին նախագահն էի, որ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք հեռաձայնեցի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի»` աւելցնելով. «Ռուսիա կ՛ընդդիմանայ յեղաշրջումի փորձերուն, եւ վստահ ենք, որ թուրք ժողովուրդը կարողութիւնը ունի յաղթահարելու տագնապը: Յոյս կը յայտնեմ, որ ձեր ղեկավարութեան տակ թուրք ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ այդ խնդիրը»:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Յեղաշրջումի փորձէն անմիջապէս ետք ձեր հեռաձայնը շատ ողջունելի էր: Թուրք ժողովուրդը յստակ կերպով արտայայտեց յեղաշրջումը մերժող իր կեցուածքը»:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր Ռուսիա այցելութիւնը «ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ կը բանայ»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանային խնդիրներու լուծման վրայ: «Շրջանին մէջ մեզմէ, քաղաքական իմաստով, շատ բան կ՛ակնկալեն: Ես կը հաւատամ, որ մեր համագործակցութիւնը շրջանի բազմաթիւ խնդիրներու լուծման հարցին մէջ պիտի ունենայ իր ներդրումը», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Քննարկումներ կատարեցինք սուրիական թղթածրարին եւ այլ թղթածրարներու շուրջ»:

Էրտողան-Փութին դէմ առ դէմ հանդիպումը տեւեց երկու ժամ: Թուրքիոյ նախագահական պալատէն բանբեր մը յայտնեց. «Հանդիպումի մթնոլորտը շատ դրական էր»: Հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին յայտնեց. «Նախաքայլը երկու երկիրներուն միջեւ հսկայական յարաբերութիւններու վերականգնումն է»:

«Մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք աշխուժացնելու եւ գործադրելու խոստմնալից ծրագիրները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիա «Թրքական հոսք» եւ «Աքոյու» ծրագիրներու շարունակման շուրջ դրական որոշում որդեգրեց»:

«Կը քննարկենք սուրիական տագնապի լուծման վերաբերող հարցերը», ըսաւ Փութին` ընդգծելով.«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մեր աշխատանքին մէջ կարեւոր տարր մըն է»:

Էրտողան իր կարգին նշեց. «Վճռակամ ենք բարելաւելու Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք տագնապէն առաջ եղածէն աւելի լաւ պիտի ըլլան»: «Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը պիտի աւելցնենք», ըսաւ ան:

«Ռուսիան ու Թուրքիան ազդու դերակատարութիւն ունին շրջանի տագնապներու լուծման մէջ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումը «լարուածութեան երկար ժամանակէ մը ետք արդիւնաւէտ էր»:

Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է «Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան միջազգային եռեակի ազդուութիւնը աւելցնելու», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Սպասելով Մոսկուայի Մէջ Այսօրուան Դժուար Հանդիպումի Արդիւնքին

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Սկսած Են Մուսուլէն Դուրս Բերել Համակարգիչներն Ու Փաստաթուղթերը

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?