«Արմէնփրես»` յղում կատարելով քանատական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Քանատայի Օնթարիոյ նահանգին մէջ շղթայազերծուած յատուկ գործողութեան մը ընթացքին ոստիկաններու կողմէ սպաննուած է ահաբեկչութեան նախապատրաստման մէջ կասկածուող երիտասարդ մը:
Ահաբեկչական հաւանական սպառնալիքի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ստանալէ ետք, քանատական ոստիկանութիւնը շրջապատած է կասկածեալին տունը: Գործողութեան մասնակցած են սակրաւորներ, արձակազէններ եւ մարզուած շուներ:
Քանատական պատկերասփիւռի կայաններուն տուեալներով` սպաննուածը 23-ամեայ Ահարոն Տրայվըրն է, որ համակիր էր ՏԱՀԵՇ-ի:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ անցեալ տարի ոստիկանութիւնը արդէն ձերբակալած էր Տրայվըրը ժիհատականներուն բացայայտ աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: