Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Ծերակոյտը Պաշտպանեց Ռուսեֆի Պաշտօնազրկման Հոլովոյթին Սկսիլը

August 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Roussef_81016

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պրազիլի Ծերակոյտը քուէարկած է նախագահի պաշտօնէն ժամանակաւորապէս հեռացուած Տիլմա Ռուսեֆի պաշտօնազրկման հոլովոյթին սկսելու օգտին: Որոշումը որդեգրուած է պարզ մեծամասնութեամբ. 59 ծերակուտական թեր քուէարկած է որոշումին, իսկ 21 ծերակուտական` դէմ:

Ռուսեֆի պաշտօնազրկման քննարկումը սկսած է 9 օգոստոսի երեկոյեան եւ շարունակուած գիշերը: Քուէարկութեան առարկայ դարձած էր ծերակուտական Անթոնիու Անասթասիայի զեկուցումը, որուն մէջ ան շարադրած է Ռուսեֆին ներկայացուող մեղադրանքները եւ պաշտօնազրկման օգտին բերուող փաստարկները:

Ռուսեֆի պաշտօնազրկումը պաշտպանելու Ծերակոյտի որոշումը սպասելի էր: Երեքշաբթի երեկոյեան այդպիսի յանձնարարական տուած էր պալատի` պաշտօնազրկման հարցով զբաղող կոմիտէն:

Տիլմա Ռուսեֆ կը մեղադրուի 2014-ին իր ընտրարշաւին ընթացքին երկրի պիւտճէի բացի իսկական չափը քողարկելու մէջ: Ատոր կողքին 2014-էն ի վեր Պրազիլի մէջ փտածութեան շուրջ հետաքննութիւն կ՛ընթանայ պետութեան կողմէ վերահսկուող «Փեթրոպրաս» ընկերութեան մէջ:

Ռուսեֆ ինք կը յայտնէ, թէ մեղաւոր չէ, իսկ իր հակառակորդները կը մեղադրէ քաղաքական խարդախութեան մէջ:

Նախագահին պաշտօնազրկման ընթացակարգը կրնայ տեւել 180 օր, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն, որուն ընթացքին եթէ ծերակուտականներու երկու երրորդը արտայայտուի նախագահի պաշտօնանկութեան օգտին, ան պիտի հեռացուի նախագահի պաշտօնէն:

 

 

Նախորդը

«Սկովտիան Պէտք Է Մնայ Եւրոպական Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Սթըրճըն

Յաջորդը

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Պահանջած Է Դադրեցնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.