Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ապահովութեան Մարզին Մէջ Գործած 50 Հանրապետականներ Թրամփի Դէմ Բաց Նամակ Կը Հրապարակեն

August 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Trump_80916

Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան մարզի 50 հանրապետական մասնագէտներ բաց նամակ մը ստորագրեցին` զգուշացնելով, որ Տանըլտ Թրամփը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ «ամէնէն անխոհեմ նախագահը պիտի ըլլայ»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած նամակը ստորագրողներուն շարքին են «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն Մայքըլ Հայտըն, ազգային տեղակահաւաքի առաջին տնօրէն, արտաքին գործոց փոխնախարար Ճոն Նեկրոփոնթէ, արտաքին գործոց փոխնախարար, Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ռապըրթ Զոլիք եւ Տիք Չէյնիի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Էրիք Էտըլման: Անոնք կը յայտնեն, որ Թրամփ նախագահ ըլլալու «նկարագիրը, արժանիքներն ու փորձառութիւնը չունի»:

Անոնցմէ շատեր մարտին մերժած էին նոյնպիսի բաց նամակ մը ստորագրել: Անոնց նամակը թէեւ Հիլըրի Քլինթընին ի նպաստ քուէարկելու կոչ մը չէր պարունակեր, սակայն անոնք յստակօրէն նշեցին. «Մեզմէ ոչ մէկը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Տանըլտ Թրամփին»:

«Ան կը թուի նուազագոյն չափով ծանօթ չըլլալ եւ չհաւատալ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան, օրէնքներուն եւ հաստատութեանց, ներառեալ` կրօնական հանդուրժողականութեան, մամլոյ ազատութեան եւ անկախ արդարադատութեան», նշուած է նամակին մէջ` աւելցնելով. «Ան կը տկարացնէ Միացեալ Նահանգներու իբրեւ ազատ աշխարհի ղեկավար բարոյական հեղինակութիւնը»:

Նշենք, որ Թրամփ հարցականի տակ առած է ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը, զօրակցած է չարչարանքի կիրարկման եւ առաջարկած, որ Հարաւային Քորէան ու Ճափոնը զինուին հիւլէական զէնքերով:

Թրամփ հակադարձելով նշեց, որ նամակը ստորագրողները մաս կը կազմեն «Ուաշինկթընի ձախողած վերնախաւին», որ կը ջանայ իշխանութեան կառչիլ` աւելցնելով. «Ժամանակն է, որ անոնք իրենց արարքներուն համար հաշուետու դառնան»:

Նշենք, որ Հանրապետական կուսակցութեան բազմաթիւ ականաւոր անդամներ մերժած են Թրամփը ճանչնալ իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու:

Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Թայմզ» երէկ հաղորդեց, որ սեւամորթ ամերիկացիներուն 99 առ հարիւրը կը զօրակցի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի:

 

Նախորդը

Աւստրիա Կը Պատրաստուի Խոչընդոտելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Յաջորդը

«Սկովտիան Պէտք Է Մնայ Եւրոպական Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Սթըրճըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.