Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բանակը Վերականգնեց Արեւելեան Հալէպի Պաշարման Օղակը. ՄԱԿ Հալէպի Մարտերուն Անյապաղ Դադար Կը Պահանջէ` Մարդասիրական Գործողութիւն Կատարելու Համար

Օգոստոս 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aleppo_80916

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական աշխատանքի համակարգող Եաաքուպ Հըլու եւ սուրիական ճգնաժամի շրջանային համակարգող Քեւին Քենետի յայտնեցին, որ ՄԱԿ պահանջած է անյապաղ դադար ապահովել Հալէպի շրջանի մարտական գործողութիւններուն` գործադրելու համար մարդասիրական գործողութիւն մը, որ պիտի ներառէ քաղաքի ելեկտրամատակարարման եւ ջրմուղի վնասուած համակարգերու նորոգումը:

Անոնք նշեցին, որ Հալէպի մէջ առանց լոյսի եւ ջուրի մնացած է աւելի քան երկու միլիոն մարդ:

«ՄԱԿ-ը կոչ կ՛ուղղէ Հալէպի մարտերուն մարդասիրական անյապաղ դադարին, որ պիտի արտօնէ կատարել ելեկտրամատակարարման եւ ջրմուղի համակարգերու նորոգում, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել կարիքաւորներուն, ըսուած է Հըլուի եւ Քենետիի միացեալ գրաւոր յայտարարութեան մէջ:

Ըստ անոնց, ՄԱԿ-ը կարիքը ունի մարտերուն մէջ շաբաթական 48 ժամուան դադարներու, որոնք նաեւ պիտի արտօնեն քաղաքին մէջ համալրել պարենի եւ դեղորայքի սպառող պաշարները:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի Ժընեւի բաժանմունքին եւ միւս միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Պորոտաւքին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ժընեւի մէջ ընթացքի մէջ են Սուրիոյ նուիրուած ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին խորացուած քննարկումի կ՛ենթարկուին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տալու հարցերը:

Խորհրդակցութիւններուն մէջ քննարկումը կը վերաբերի «մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան ամրապնդման եւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարին», նշած է դիւանագէտը` ընդգծելով. «Խորացուած քննարկումի կ՛ենթարկուին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու հարցերը»:

Պորոտաւքին բացատրած է, որ անոնք «կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ են», որոնք Ժընեւի մէջ տեղի կ՛ունենան 29 յուլիսէն ի վեր:

Հալէպի Մէջ Ընդդիմութեան Յառաջդիմութեան Ետին
Կանգնած Է Արտաքին Զօրակցութիւնը

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ողջունած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հալէպի մէջ զինեալ ընդդիմութեան յառաջդիմութիւնը` զայն նկատելով կարեւոր ձեռքբերում մը, երբ միջազգային ընտանիքը ձեռնածալ կը մնայ շաբաթներէ ի վեր պաշարումէ տառապող 300 հազար սուրիացիներուն տառապանքին ի տես:

«Սակայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն դէմ յարձակումները կրնան շատ աւելի արտաքին զօրակցութիւն ստացած ըլլալ` ըմբոստներուն եւ ընդդիմադիր ուժերուն նոր զէնքերու եւ այլ սպառազինութիւններու մատակարարմամբ», կը գրէ օրաթերթը` աւելցնելով. «Ըստ կարգ մը ըմբոստներու, ամերիկացի պաշտօնատարներուն ըմբոստներուն զօրակցութեան իբրեւ արդիւնք աչք փակուած է Հալէպի մէջ ըմբոստներու յառաջդիմութեան Ֆաթհ Շամի (նախապէս Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») մասնակցութեան նկատմամբ»:

Միւս կողմէ, Ըստ «Մայատին»-ի, «Տուաթ Ժիհատ» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ Ժէյշ Ֆաթհի հրամանատար Ապտալլա Մուհսինի յայտնած է, որ զինեալ խմբաւորումներուն նպատակը Հալէպը շրջափակման վերջ տալը չէ, այլ Հալէպը ամբողջովին առնել վերահսկողութեան տակ` աւելցնելով, որ ճակատամարտը «դիւրին չէ» եւ ատոր նպատակին իրագործումը «երաշխաւորուած չէ»:

Ըստ «Մայատին»-ին, Հալէպի պաշարման օղակին մէջ զինեալ խմբաւորումներուն յառաջացուցած ճեղքը կարելի չէ պաշարման խզում նկատել, որովհետեւ այդ ճեղքի լայնքը հազիւ մէկ քիլոմեթր է, զինեալ ընդդիմութեան հետեւակ զօրքերը չեն կրնար այդ ճեղքը օգտագործել, որովհետեւ ամբողջութեամբ կը գտնուի հսկողութեանը տակ Սուրիոյ բանակին, որ իր ուժերը կը կեդրոնացնէ Մահմալ Իսմենթի եւ Ամրիայի մէջ, այլ խօսքով` այդ անցքին արեւելքը եւ արեւմուտքը:

«Մայատին» կը նշէ, որ զինեալ խմբաւորումները այդ ճեղքը յառաջացուցած են Հալէպի հարաւ- արեւմուտքը գտնուող երեք զօրանոցներ գրաւելէ ետք:

«Նաշրա» կայքը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ամրապնդած են Հալէպ քաղաքի հարաւը գտնուող իրենց դիրքերը եւ շղթայազերծած զինեալներուն դէմ նոր գործողութիւն մը` թիրախ դարձնելով Ռամուսայի եւ Քուլիյէթ Ասքարիյայի շուրջ գտնուող բլուրները: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնած է, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը կը քանդեն Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին եւ Սարաքեպի մէջ զինեալներու մեքենաներուն շարասիւնները եւ արգելք կը հանդիսանան, որ անոնք Հալէպի հարաւը գտնուող իրենց զինեալներուն օգնութեան հասնին:

Աւելի ուշ սուրիական բանակը յայտարարեց, որ վերականգնած է արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը` զինեալները դուրս մղելով Ռամուսայի ճակատին վրայ անոնց յառաջացուցած ճեղքէն:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Ռուսիայէն Օդանաւեր Պիտի Գնէ Եւ Պաքուի Մէջ Օդանաւերու Կազմութեան Գործարան Պիտի Բացուի» Կ՛ըսէ Ռոկոզին

Յաջորդը

Տեսակէտ. Սպասելով Մոսկուայի Մէջ Այսօրուան Դժուար Հանդիպումի Արդիւնքին

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?