Դանակով Յարձակում Աւստրիոյ Մէկ Գնացքին Մէջ
Արեւմտեան Աւստրիոյ մէջ 60 տարեկան մարդ մը, որ դանակով զինուած էր, լրջօրէն վիրաւորեց գնացքի մը մէջ գտնուող երկու անչափահասներ: Դէպքը պատահեցաւ երէկ առաւօտեան ժամը 6:30-ին, Սուլց գիւղին մօտ: Յարձակումը մէկ ամսուան ընթացքին Եւրոպայի տարածքին գնացքի մը մէջ իր տեսակին մէջ երրորդն էր: Դանակով զինուած տղամարդը նախ եւ առաջ յարձակում գործած է իր դիմացի աթոռը նստած 19 տարեկան երիտասարդի մը վրայ,...




















