Միջազգային

«Թուրքիոյ 81 Նահանգապետներէն  74-ը Կապ Ունին Կիւլենականներուն Հետ»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

«Թուրքիոյ 81 Նահանգապետներէն 74-ը Կապ Ունին Կիւլենականներուն Հետ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

«81 նահանգապետներէն առնուազն 74-ը կիւլենական են», յայտարարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա` Էլազիկի (Խարբերդի) մէջ պատահած վերջին պայթումին պատասխանատուութիւնը վերագրելով Էլազիկի նահանգապետին: Ցարդ աւելի քան հինգ հազար աշխատակից հարցաքննուած է նահանգապետարաններու աշխատակազմերէն:  Ըստ «Միլլիյէթ» օրաթերթին, նախարար Ալա նշեալ նահանգապետները կը նկատէ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն 15 յուլիսի յեղաշրջման հետ կապ ունեցող յանցագործներ: Ըստ նոյն աղբիւրին, քրտական շարժման վերջին գործողութենէն...

Իրան Կը Պարզաբանէ

Իրան Կը Պարզաբանէ

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տեհղան շաբաթավերջին պարզաբանեց, թէ սուրիական իշխանութիւններու խնդրանքին ընդառաջելով Իրան համաձայն գտնուած է, որ ռուսական կործանիչներ օգտագործեն Համատանի զինուորական խարիսխը` զինուելու թէ վառելանիւթով լիցքաւորուելու նպատակով: Ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի ծիրին մէջ Իրան տրամադիր է նաեւ արտօնել զինուորական այլ  խարիսխներու  օգտագործումը  ռուսական կործանիչներուն կողմէ: Անցնող 16 օգոստոսին իրանեան Համատան քաղաքի օդակայանէն թռիչք առած ռուսական կործանիչները, որոնք ռմբակոծեցին Սուրիոյ...

Փենթակոն Զգուշացուցած Է Սուրիական Բանակը  Ամերիկեան Եւ Դաշնակից Ուժերու Մօտ  Զինուորական Գործողութիւններ Կատարելէ

Փենթակոն Զգուշացուցած Է Սուրիական Բանակը Ամերիկեան Եւ Դաշնակից Ուժերու Մօտ Զինուորական Գործողութիւններ Կատարելէ

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը յայտնած է, որ Փենթակոն Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք, սուրիական բանակը զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից ուժերու մօտակայքը զինուորական գործողութիւններ կատարելէ: «Մենք շատ ուշադիր կ՛ուսումնասիրենք այն դէպքերը, երբ Միջազգային դաշինքի ուժերը կը յայտնուին վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ, եւ մենք ունինք ինքնապաշտպանութեան իրաւունք: Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ սպառնալիքի պարագային Միացեալ...

Թրքական Հետախուզութիւնը  «Կիւլենականներուն» Դէմ Պայքար  Կը Սկսի Նաեւ Գերմանիոյ Մէջ

Թրքական Հետախուզութիւնը «Կիւլենականներուն» Դէմ Պայքար Կը Սկսի Նաեւ Գերմանիոյ Մէջ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» շաբաթաթերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը Գերմանիոյ դաշնակցային հետախուզական ծառայութեան` «Պի.Էն.Տի.»-ին հարցում ուղղած է` խնդրելով օժանդակել ընդդիմադիր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներուն հետախուզման մէջ: Ըստ ՄԻԹ-ի, Կիւլենի բազմաթիւ կողմնակիցներ վերջին շաբաթներուն մեկնած են արտասահման, ներառեալ` Գերմանիա, ուր շուրջ 3 միլիոն թուրք կը բնակի: Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիան գերմանական...

Ամերիկեան Օդուժը Կ՛աշխուժացնէ Սըրթի Մէջ  ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ Կատարած Իր Հարուածները

Ամերիկեան Օդուժը Կ՛աշխուժացնէ Սըրթի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ Կատարած Իր Հարուածները

Լիպիական ազգային համաձայնութեան կառավարութեան բանբերներէն Մոհամետ Ղասարի յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ իրերայաջորդ յարձակումներ գործած է հիւսիսային Լիպիոյ Սըրթ քաղաքի բնակելի առաջին եւ երրորդ թաղամասերուն վրայ: Քանի մը ժամ առաջ ՏԱՀԵՇ նշեալ քաղաքին մէջ կառավարական ուժերուն դէմ գործած էր ականուած երկու ինքնաշարժներով յարձակում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ղասարի «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ օդային հարուածները...

Հոլլանտ Կը Փափաքի Ֆրանսայի Նախագահութեան  Երկրորդ Նստաշրջանի Թեկնածու Ներկայանալ

Հոլլանտ Կը Փափաքի Ֆրանսայի Նախագահութեան Երկրորդ Նստաշրջանի Թեկնածու Ներկայանալ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ կը փափաքի փետրուար 2017-ին նախատեսուած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան երկրորդ նստաշրջանի համար թեկնածու ներկայանալ: «Տարիներ անձնական կեանքէն հեռու մնալէ ետք գիտեմ, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ, սակայն փափաքը ունիմ», ըսաւ ան: «Թեկնածու պիտի չներկայանամ, եթէ յաղթանակ արձանագրելու հաւանականութիւն գոյութիւն չունի: 60 տարեկանէն ետք ալ տարիները այլ կերպ կը հաշւուին, նաեւ գիտեմ այս առաքելութեան որքա՛ն ծանր...

Քլինթըն Շարք Մը Բանալի  Նահանգներու Մէջ Կը Գերազանցէ Թրամփը

Քլինթըն Շարք Մը Բանալի Նահանգներու Մէջ Կը Գերազանցէ Թրամփը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած տուեալները կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն շարք մը բանալի նահանգներու մէջ, ներառեալ Նեւատան, կը գերազանցէ իր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփը: Վերջինիս դիրքերը նաեւ այնքան ալ ամուր չեն աւանդաբար հանրապետականներուն աջակցող Արիզոնայի մէջ: Վըրճինիան կը նկատուի այն նահանգներէն, որոնց համար կը ծաւալուի հիմնական դիմակայութիւնը,...

Եունիսեֆ. «Հարաւային Սուտանի Մէջ  16 Հազար Երեխաներ Կը Մասնակցին Տագնապին»

Եունիսեֆ. «Հարաւային Սուտանի Մէջ 16 Հազար Երեխաներ Կը Մասնակցին Տագնապին»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ յայտարարած է, որ Հարաւային Սուտանի մէջ կը շարունակեն զինուորագրել երեխաները: Միայն այս տարուան սկիզբէն զինեալ խմբաւորումներու շարքերուն միացած են աւելի քան 650 երեխաներ, իսկ 2013-ի վերջաւորութենէն` 16 հազար անչափահասներ: ԵՈՒՆԻՍԵՖ կը զգուշացնէ, որ երկրին մէջ բախումներու վերսկսումը կը սպառնայ տասնեակ հազարաւոր երեխաներու: Միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով` դեկտեմբեր 2013-ին հանրապետութեան մէջ առաջին լայնածաւալ բախումները սկսելէն ի...

Վենեզուելայի Նախագահը Խոստացած Է  Յեղաշրջման Փորձի Մը Պարագային Էրտողանէն  Աւելի Բիրտ Հաշուեյարդար Տեսնել

Վենեզուելայի Նախագահը Խոստացած Է Յեղաշրջման Փորձի Մը Պարագային Էրտողանէն Աւելի Բիրտ Հաշուեյարդար Տեսնել

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլա Մատուրօ խոստացած է, որ պետական յեղաշրջման փորձի մը պարագային աւելի բիրտ քայլերու պիտի դիմէ, քան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Մատուրօ Մոնկաս նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Եթէ այստեղ ընդդիմութիւնը պետական յեղաշրջումի փորձ կատարէ, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ մեզի համեմատած ոչինչ պիտի թուի»: Մատուրոյի խօսքով` Վենեզուելայի ժողովուրդը այդպիսի պարագայի պիտի միաւորուի,...

Ընթացք Առաւ Ֆոլքլանտ Կղզիներուն  Շուրջ Բրիտանիոյ  Եւ Արժանթինի Երկխօսութիւնը

Ընթացք Առաւ Ֆոլքլանտ Կղզիներուն Շուրջ Բրիտանիոյ Եւ Արժանթինի Երկխօսութիւնը

Ընթացք առաւ Բրիտանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ երկխօսութիւնը Ֆոլքլանտ կղզիներուն շուրջ, որոնք կը գտնուին Բրիտանիոյ գերիշխանութեան տակ, սակայն պահանջուած են Արժանթինի կողմէ: Երկխօսութիւնը մասնաւորաբար կ՛ընթանայ դէպի նշեալ արշիպեղագոս թռիչքներու վերականգնման եւ քարիւղի շահագործման հարցերուն շուրջ: Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Արժանթինի նախագահին առաջարկած էր դէպի նշեալ կղզիներ թռիչքները վերականգնել Արժանթինի ճամբով` նշելով, որ այդ թռիչքները կանգ առած են 1982-էն ի վեր: Արժանթինի...

Խրուաթիան Կը Վաճառէ Իր Կղզիները

Խրուաթիան Կը Վաճառէ Իր Կղզիները

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով սերպական «Թանժուկ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Խրուաթիան վերջին 14 տարուան ընթացքին վաճառած է Ատրիական ծովուն մէջ գտնուող իր կղզիներէն հինգը: «Տակաւին մէկ տասնամեակ առաջ խրուաթական կղզիներու եւ կղզեակներու վաճառքի կարելիութիւնը կ՛ընկալուէր իբրեւ աղէտալի եւ խայտառակ վաճառք», կը նշէ գործակալութիւնը: Հակառակ այն վախին, թէ այս ամբողջ բնական հարստութիւնը պիտի գնեն օտարերկրացի միլիառատէրները, «արդիւնքները առանձնապէս չեն տպաւորեր: 14...

Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Թուրքիոյ Հետ  Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Սպառնալիքին Դէմ

Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Թուրքիոյ Հետ Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Սպառնալիքին Դէմ

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան խորհուրդի բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Թուրքիոյ հետ միացեալ աշխատանքը ահաբեկչութիւններու դէմ պայքարին մէջ: «Մենք թրքական իշխանութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեան մէջ ենք եւ պիտի շարունակենք աշխատանքը Թուրքիոյ հետ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին մէջ», կ՛ըսուի Փրայսի յայտարարութեան մէջ: Սպիտակ տան ներկայացուցիչը նաեւ դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած...

Չաւուշօղլու Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Յեղաշրջումին Մեղսակից Չըլլալը Փաստելու  Համար Կիւլենը Արտայանձնելու

Չաւուշօղլու Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յեղաշրջումին Մեղսակից Չըլլալը Փաստելու Համար Կիւլենը Արտայանձնելու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի ձախող փորձը նկատեց «խենթութիւն»` նշելով, որ ինք վստահ էր, որ ատիկա պիտի չյաջողի, որովհետեւ Թուրքիան այլեւս նախկինին նման չէ: Ան յայտնեց, որ արեւմուտքցի պաշտօնատարներուն ժողովրդավարութեան զօրակցող յայտարարութիւններուն մէջ «սակայն»-ի գոյութենէն զինք ամէնէն շատ նեղացնողը այն է, որ այդ «սակայն»-ը թուրքերուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ...

Անգարա-Դամասկոս Քուլիսային Դիւանագիտութիւն.  Թրքական «Վաթան» Կուսակցութեան Փոխնախագահը  2016-Ին Չորրորդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Այցելէ Դամասկոս

Անգարա-Դամասկոս Քուլիսային Դիւանագիտութիւն. Թրքական «Վաթան» Կուսակցութեան Փոխնախագահը 2016-Ին Չորրորդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Այցելէ Դամասկոս

Թուրքիոյ «Վաթան» կուսակցութեան փոխնախագահ եւ զինուորական տեղեկահաւաքի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հաքի Փեքին «Մոնիթըր» կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ երեք անգամ` փետրուար, ապրիլ եւ մայիս 2016-ին այցելած է Դամասկոս` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութեանց մէջ քուլիսային դիւանագիտութեան դերակատարութեան ծիրին մէջ: Ան յայտնեց, որ սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր պահպանած է սուրիական վարչակարգին հետ իր լաւ յարաբերութիւնները, եւ այժմ...

Անգարա Եւ Մոսկուա Վերսկսած Են  «Թրքական Հոսք»-ին Գծով Բանակցութիւններուն

Անգարա Եւ Մոսկուա Վերսկսած Են «Թրքական Հոսք»-ին Գծով Բանակցութիւններուն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեանց նախարար Պերաթ Ալպայրաք «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան եւ Ռուսիան ձեռնարկած են «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի շինարարութիւնը վերսկսելու գծով բանակցութիւններուն: Ան համոզում յայտնած է, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան նախկին` նախաճգնաժամային մակարդակին: Ըստ թուրք նախարարին, երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացումը օգտակար պիտի ըլլայ երկու կողմերուն:...

Սուրիոյ Օդուժը Հասաքէի Շրջանին Մէջ  Հարուածած Է Քիւրտերու Վեց Դիրքեր

Սուրիոյ Օդուժը Հասաքէի Շրջանին Մէջ Հարուածած Է Քիւրտերու Վեց Դիրքեր

ԹԱՍՍ` յղում կատարելով «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Հասաքէ նահանգի կեդրոնական շրջանին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ենթարկուած են Սուրիոյ օդուժին կողմէ ռմբակոծումի: Ըստ «Մայատին»-ի, քրտական ուժերու վեց դիրքերու դէմ օդային հարուածները կատարուած են իբրեւ պատասխան քրտական վարչակազմին կողմէ քաղաքին մէջ մնացած` Սուրիոյ կեդրոնական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն վրայ ի գործ դրուած ճնշումին: Քիւրտերը կը պահանջեն, որ Սուրիոյ բանակի զինուորներն...

Թուրքիան Մտադիր Է Մինչեւ 2023  Մուտք Գործել Եւրոպական Միութիւն

Թուրքիան Մտադիր Է Մինչեւ 2023 Մուտք Գործել Եւրոպական Միութիւն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սելիմ Ենել գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը յուսայ, որ, հակառակ Եւրոպական Միութեան հետ տարակարծութիւններուն, միութեան անդամ դառնայ յառաջիկայ վեց տարուան ընթացքին` ամէնէն ուշը 2023-ին: Ենել յիշեցուցած է, որ 2023-ին պիտի նշուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: «Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը իմ երկրիս համար բարձրագոյն նուաճումը...

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի.  Սուրիոյ Վերաբերեալ Ռուսիոյ, Իրանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Համակարգումը  Կ՛ընթանայ Լաւ Կերպով

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Սուրիոյ Վերաբերեալ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Համակարգումը Կ՛ընթանայ Լաւ Կերպով

Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Սուրիոյ հակամարտութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ համակարգումը կ՛ընթանայ լաւ կերպով, եւ յառաջիկայ ամիսներուն յաւելեալ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի: Աղբիւրները, ակնարկելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի չորեքշաբթի օր Իրան կատարելիք այցելութեան, նշեցին, որ երեք երկիրներուն միջեւ համակարգումը յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ մղում պիտի ստանայ: Աղբիւրները յայտնեցին, որ սուրիական հակամարտութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ քայլերը...

Անգարա Աթէնքէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս  Յանձնել Յունաստան  Ապաստանած 8 Թուրք Զինուորները

Անգարա Աթէնքէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Յանձնել Յունաստան Ապաստանած 8 Թուրք Զինուորները

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայէն ստացաւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք ուղղաթիռով Յունաստան ապաստանած 8 թուրք սպաները արտայանձնելու պահանջագիր մը: Թուրք զինուորները ուղղաթիռով հասած էին Թուրքիոյ սահմանամերձ յունական Ալեքսանտրոփոլիս քաղաքը եւ անմիջապէս ապաստանի դիմում ներկայացուցած: Կը նախատեսուի, որ այսօր Աթէնքի մէջ ընթացք առնէ անոնց ճակատագիրը վճռելու դատական նիստերուն առաջինը:

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կը Յայտարարէ.  «Ռուսիան Կը Մերժէ Սուրիական Հողերուն Վրայ  Բազմաթիւ Գոյացութեանց Ստեղծումը»

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Ռուսիան Կը Մերժէ Սուրիական Հողերուն Վրայ Բազմաթիւ Գոյացութեանց Ստեղծումը»

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյի Քարլով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մտադիր է այցելել Թուրքիա` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերին կամ դեկտեմբերին: Ան նշեց, որ Լաւրովի Թուրքիա այցելութեան օրակարգին վրայ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը սուրիական տագնապը, ատոր հետեւանքներն ու շրջանին եւ աշխարհի վրայ ազդեցութիւնն է: «Անհրաժեշտ է ազդու եւ լուրջ աշխատանք տանիլ ամրապնդելու...

Page 767 of 882 1 … 766 767 768 … 882

Արխիւներ