Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլինթըն Շարք Մը Բանալի Նահանգներու Մէջ Կը Գերազանցէ Թրամփը

August 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Clinton-Trump_81116

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած տուեալները կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն շարք մը բանալի նահանգներու մէջ, ներառեալ Նեւատան, կը գերազանցէ իր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփը: Վերջինիս դիրքերը նաեւ այնքան ալ ամուր չեն աւանդաբար հանրապետականներուն աջակցող Արիզոնայի մէջ:

Վըրճինիան կը նկատուի այն նահանգներէն, որոնց համար կը ծաւալուի հիմնական դիմակայութիւնը, որովհետեւ այնտեղ թեկնածուներէն մէկուն յաղթանակը դժուար է նախատեսել: Իսկ առայժմ Քլինթըն այնտեղ ապահոված է քուէներուն 49 առ հարիւրը, իսկ Թրամփ` 37 առ հարիւրը:

Նեւատայի մէջ այդ տարբերութիւնը աւելի փոքր է, թէեւ Քլինթըն, բայց եւ այնպէս, կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ քուէներուն 43 առ հարիւրով, իսկ Թրամփ ապահոված է քուէներուն 41 առ հարիւրը: «Սի.Պի.Էս.» կը նշէ, որ Քլինթըն այնտեղ կը վայելէ աջակցութիւնը լատինամերիկեան բնակչութեան, որ խիստ բացասաբար տրամադրուած է Թրամփի նկատմամբ` գաղթականները արտաքսելու անոր դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատնէշ կառուցելու անոր ծրագիրին պատճառով:

Անակնկալ եղած են Արիզոնայէն ստացուած տուեալները. նահանգը, որ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուները միշտ ալ նուաճած են առանց դժուարութեան: Այժմ այնտեղ Թրամփի կ՛աջակցի քուէարկողներուն 44 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 42 առ հարիւրը, այսինքն` անոնց միջեւ տարբերութիւնը վիճակագրական անճշդութեան սահմաններուն մէջ է:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ 7 օգոստոսին ներկայացուած համազգային հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, եթէ նախագահի ընտրութիւնները տեղի ունենան այսօր, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն 50 առ հարիւրը պիտի քուէարկէր Քլինթընի, իսկ 42 առ հարիւրը` Թրամփի օգտին:

 

 

Նախորդը

Եունիսեֆ. «Հարաւային Սուտանի Մէջ 16 Հազար Երեխաներ Կը Մասնակցին Տագնապին»

Յաջորդը

Հոլլանտ Կը Փափաքի Ֆրանսայի Նախագահութեան Երկրորդ Նստաշրջանի Թեկնածու Ներկայանալ

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.