«Անգարա Կրնայ Ինճիրլիքի Ռազմակայանը Տրամադրել Սուրիոյ Մէջ Մոսկուայի Արշաւին Համար» Կ՛ըսէ Օզերով
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ ծերակուտական Վիքթոր Օզերով յայտնած է. «Թուրքիան կրնայ ռուսական օդուժին տրամադրել Ինճիրլիք ռազմակայանը` (Սուրիոյ մէջ) ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններու մէջ օգտագործման համար: Ասիկա կրնայ տրամաբանական շարունակութիւնը ըլլալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Ռուսիոյ ուղղութեամբ առած քայլին»: Ըստ ռուսական լրատու գործակալութեանց, Օզերով չէ բացառած, որ Անգարա կրնայ իր օդուժի ռազմակայանը տրամադրել Ս....




















