Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի ձախող փորձը նկատեց «խենթութիւն»` նշելով, որ ինք վստահ էր, որ ատիկա պիտի չյաջողի, որովհետեւ Թուրքիան այլեւս նախկինին նման չէ:
Ան յայտնեց, որ արեւմուտքցի պաշտօնատարներուն ժողովրդավարութեան զօրակցող յայտարարութիւններուն մէջ «սակայն»-ի գոյութենէն զինք ամէնէն շատ նեղացնողը այն է, որ այդ «սակայն»-ը թուրքերուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ եւ «դասեր տալու փորձ է»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց Միացեալ Նահանգները, թէ Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան հակում մը եւ ալիք մը գոյութիւն ունի, եւ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` բարի կամեցողութեան իբրեւ նշան եւ յեղաշրջումի փորձին մեղսակից չըլլալը փաստելու համար արտայանձնելու ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը:
Չաւուշօղլու վերահաստատեց Սուրիոյ նկատմամբ թրքական քաղաքականութեան սկզբունքները` նշելով, որ անոնք պիտի չազդուին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն: