Միջազգային

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Միջին Արեւելքի  Քրիստոնեաներու  Պաշտպանութեան Քաղաքականութիւնը»  Կ՛ըսէ Տոլկով

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Քաղաքականութիւնը» Կ՛ըսէ Տոլկով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան հարցերով յանձնակատար Քոնսթանթին Տոլկով ընդգծեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անձամբ Մոսկուայի Քիրիլ պատրիարքի ջանքերուն կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պաշտպանելու իր քաղաքականութիւնը` նշելով. «Ռուսական օդուժի գործողութիւնները նպաստեցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դիրքերու տկարացման, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, մարդասիրական կացութեան եւ քրիստոնեաներու...

«Թուրքիոյ Հարաւը Քրտական Ինքնավար  Գոյացութիւններու Գոյութիւնը  Երբեք Պիտի Չընդունինք»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Թուրքիոյ Հարաւը Քրտական Ինքնավար Գոյացութիւններու Գոյութիւնը Երբեք Պիտի Չընդունինք» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Սուրիոյ տարածքին թրքական բանակի ծառայութիւն կատարող քանի մը լիազօրուած անձեր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած են, որ իրենք արդէն քսան հրետանային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ Մընպեժ շրջանին մէջ գտնուող քրտական ուժերուն: Անոնցմէ մէկը մասնաւորաբար նշած է. «Մեզի համար ՏԱՀԵՇ-ի եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ: Երկուքն ալ կը նկատենք ահաբեկչական կառոյցներ եւ պիտի պայքարինք...

Էրտողան Մտադիր Է Ռուսիոյ Վար Առնուած  Սու-24»-Ին Համար Փոխհատուցո՞ւմ Կատարել

Էրտողան Մտադիր Է Ռուսիոյ Վար Առնուած Սու-24»-Ին Համար Փոխհատուցո՞ւմ Կատարել

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլի գլխաւոր խորհրդական եւ թրքական «Ենիչաղ» («Նոր ժամանակաշրջան») օրաթերթի սիւնակագիր Ահմեթ Թաքան յայտարարած է, որ Թուրքիան, ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիոյ պիտի փոխհատուցէ թուրք զինուորներուն կողմէ 2015-ին վար առնուած ռուսական «Սու-24» օդանաւին համար: Ըստ Թաքանի, փոխհատուցումը պիտի կազմէ 5 միլիառ տոլար: Ան հետեւեալը գրած է.«Երբ նախագահ Էրտողան ջերմ զգացումներով վերադարձաւ Ռուսիայէն, արտաքին...

Քուպա Եւ Իրան Ստորագրած Են Իրենց  Յարաբերութեան Պատմութեան Մէջ  Փոխըմբռնումի Առաջին Յուշագիրը

Քուպա Եւ Իրան Ստորագրած Են Իրենց Յարաբերութեան Պատմութեան Մէջ Փոխըմբռնումի Առաջին Յուշագիրը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Փրենսա Լաթինա» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Քուպան եւ Իրանը Հաւանայի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ առաջին փոխըմբռնումի յուշագիրը, որ պիտի խթանէ երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւններուն զարգացումը: Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի Քուպա այցելութեան ընթացքին: Քուպա միօրեայ այցելութիւնը մաս կը կազմէ իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարի լատինամերիկեան շրջապտոյտին: Զարիֆի...

Ըստ «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի.  Հարցախոյզին  Քլինթըն Կը Շարունակէ Ութ Տոկոսային  Կէտով Գերազանցել Թրամփը

Ըստ «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի. Հարցախոյզին Քլինթըն Կը Շարունակէ Ութ Տոկոսային Կէտով Գերազանցել Թրամփը

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի ժողովրդականութիւնը կը շարունակէ գերազանցել Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութիւնը. երկու թեկնածուներուն միջեւ տարբերութիւնը կը պահպանուի ութ տոկոսային կէտի նշագիծին վրայ: Նոր տուեալներուն համաձայն, հարցախոյզին մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը պիտի քուէարկէր ի նպաստ Քլինթընի, «եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները կատարուէին...

«Ազրպէյճանն Ու Եւրոպական Միութիւնը  Կը Վերսկսին Բանակցութիւնները  Համագործակցութեան Գոյութիւն Ունեցող  Գործիքակազմի Ծիրին Մէջ»  Կ՛ըսէ Մամետկուլիեւ

«Ազրպէյճանն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերսկսին Բանակցութիւնները Համագործակցութեան Գոյութիւն Ունեցող Գործիքակազմի Ծիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Մամետկուլիեւ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մամետկուլիեւ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ազրպէյճանը եւ Եւրոպական Միութիւնը կը վերսկսին բանակցութիւնները համագործակցութեան գոյութիւն ունեցող գործիքակազմի ծիրին մէջ: «Սեպտեմբերին իրենց աշխատանքը կը սկսին ենթայանձնախումբերը: Աշնան ընթացքին նախատեսուած է առեւտուրի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան, կենսոլորտի, անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով, կրթութեան եւ այլ ընկերային հարցերու մարզերուն մէջ գործող չորս ենթայանձնախումբի նիստերու գումարումը», ըսած է...

Թուրքիոյ Վարչապետը Հանդիպած Է  Երկու Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու  Ղեկավարներու Հետ

Թուրքիոյ Վարչապետը Հանդիպած Է Երկու Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ղեկավարներու Հետ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հանդիպում ունեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգային շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի եւ Տեւլեթ Պահչելիի հետ: Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ յեղաշրջումի փորձի եւ սահմանադրութեան բարեփոխման հարցերը: Հանդիպումը եղած է դռնփակ:

Ռուսիա Առկախած Է Իրանեան  Ռազմակայանի Օգտագործումը.  «Իրան Պատրաստ Է Մասնակցելու Սուրիոյ  Տագնապին Լուծման Համար  Բազմակողմանի Ժողովի Մը»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Ռուսիա Առկախած Է Իրանեան Ռազմակայանի Օգտագործումը. «Իրան Պատրաստ Է Մասնակցելու Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Համար Բազմակողմանի Ժողովի Մը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Իրան բազմաթիւ ջանքեր գործադրեց շրջանի հարցերուն քաղաքական լուծման համար եւ այդ նպատակի իրագործման համար պատրաստ է նոյնիսկ մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Ամերիկայի մասնակցութեամբ բազմակողմանի ժողովի մը»: Ան նշեց, որ իրան միշտ կը յուսար, որ կողմերը աշխատանք տանին սուրիական հարցի քաղաքական լուծման համար, սակայն ատիկա, գործնականին մէջ, տեղի չունեցաւ, եւ կառավարութեան...

Քրտական Ուժերը Յարձակում  Կը Շղթայազերծեն Հասաքէի Մէջ

Քրտական Ուժերը Յարձակում Կը Շղթայազերծեն Հասաքէի Մէջ

Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն աղբիւրներ եւ ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հասաքէ քաղաքին մէջ յարձակում շղթայազերծած են սուրիական բանակին դէմ: Յարձակումէն առաջ քիւրտերը կառավարամէտ ուժերուն յանձնուելու կոչ ուղղած են: Յարձակում շղթայազերծուած է 21 օգոստոսի կէս գիշերէն ետք, Նաշուայի շրջանին մօտ` սուրիական իշխանութիւններու շէնքերէն ոչ հեռու: ԱՖՓ նախապէս հաղորդած էր, որ սուրիական...

Չաւուշօղլու. «Վճռած Ենք Սուրիական  Եւ Իրաքեան Սահմանը Ձերբազատելու  ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներէն»

Չաւուշօղլու. «Վճռած Ենք Սուրիական Եւ Իրաքեան Սահմանը Ձերբազատելու ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներէն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ստացած մեծ հարուածին աղբիւրը Թուրքիան էր, որ մեծ դեր ունէր այդ խմբաւորումին ու անոր ահաբեկչութեան աշխարհի բացայայտման եւ յստակացման մէջ` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ չի ներկայացներ իսլամութիւնը եւ իսլամներուն հետ կապ չունի: Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Կը շարունակենք ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ը հարուածել, որովհետեւ վստահ ենք, որ անիկա կը թիրախաւորէ Թուրքիան, վերջինիս յստակ կեցուածքներուն...

Միացեալ Նահանգներու Պատուիրակութիւնը  Երէկ Հասաւ Թուրքիա` Կիւլենի Արտայանձնման  Հարցը Քննարկելու Համար

Միացեալ Նահանգներու Պատուիրակութիւնը Երէկ Հասաւ Թուրքիա` Կիւլենի Արտայանձնման Հարցը Քննարկելու Համար

Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Թուրքիա` քննարկելու համար արտայանձնումի պայմանները ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կը մեղադրուի 15 յուլիսի զինուորական յեղաշրջումի փորձին կազմակերպումին յանցանքով: Բանակցութիւններու համար Թուրքիա հասած են Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան երեք աշխատակիցներ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից մը: Նախատեսուած է, որ անոնք այսօր եւ վաղը Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունենան: Թուրքիոյ արդարադատութեան...

Թուրքիան Գերմանիայէն Պահանջած Է  Արտայանձնել 62 Թուրք Գործարարներ

Թուրքիան Գերմանիայէն Պահանջած Է Արտայանձնել 62 Թուրք Գործարարներ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ թրքական «Հապեր 7» օրաթերթը յայտնած է, որ Թուրքիան Գերմանիայէն պահանջած է արտայանձնել 62 թուրք գործարարներ, որոնք կը կարծուին կապ ունենալ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումին հետ: Գործարարները կը մեղադրուին Կիւլենի շարժումը ֆինանսաւորելու յանցանքով: Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն ետք տուն կանչած է օտար երկիրներու մէջ...

Ֆրանսական Օդուժը Ռաքքայի Մէջ  Հարուածած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

Ֆրանսական Օդուժը Ռաքքայի Մէջ Հարուածած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ֆրանսայի օդուժին օդանաւերը 21 օգոստոսին հարուածած են Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: «Ֆրանսական օդուժի յարձակումին հետեւանքով հարուած հասցուած է Ռաքքայի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ծանր սպառազինութեան պահեստին եւ սպասարկման կեդրոնին», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ ֆրանսական օդուժի այս մարտական գործողութեան մասնակցած...

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը 1 Հոկտեմբերէն  Կրնայ Ջնջել Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը,  Եթէ Անգարա Կատարէ Միութեան Պահանջները»

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը 1 Հոկտեմբերէն Կրնայ Ջնջել Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը, Եթէ Անգարա Կատարէ Միութեան Պահանջները»

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ թուրք քաղաքացիներուն համար 1 հոկտեմբերէն ջնջել միտքի արտօնագիրի դրութիւնը, եթէ Անգարա կատարէ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերող օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը: «Ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը կրնայ սահմանուիլ 1 հոկտեմբերին, եթէ միայն բոլոր պահանջները կատարուին, ահաբեկչութեան օրէնսդրութիւնը չի կրնար կիրարկուիլ մտաւորականները,...

Իսրայէլի Հիւպատոսարանին Առջեւ Բողոքի  Ցոյցի Ընթացքին Ձերբակալութիւններ

Իսրայէլի Հիւպատոսարանին Առջեւ Բողոքի Ցոյցի Ընթացքին Ձերբակալութիւններ

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կիրակի գիշեր Պոլսոյ Լեւենթ թաղամասին մէջ գտնուող Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած գործողութիւններուն դէմ բողոքի ցոյց: Ձերբակալուած են 12 ցուցարարներ, որոնցմէ 7-ն աւելի ուշ ազատ արձակուած են: Ձերբակալուածներէն Ումիթ Քայա իր ցուցմունքին մէջ իրավիճակը բացատրած է հետեւեալ ձեւով. «Մեր ընկերները համացանցի միջոցով ստացած են տեղեկութիւն, որ Իսրայէլ յարձակումներ կը...

Ամերիկացիներուն Շուրջ 60 Առ Հարիւրը  Չ՛ուզեր Ընտրութիւն Կատարել  Թրամփի Եւ Քլինթընի Միջեւ

Ամերիկացիներուն Շուրջ 60 Առ Հարիւրը Չ՛ուզեր Ընտրութիւն Կատարել Թրամփի Եւ Քլինթընի Միջեւ

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ամերիկացիներուն կէսէն աւելին` 57 առ հարիւրը դժգոհ է Տոնալտ Թրամփը կամ Հիլըրի Քլինթընը նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութենէն: Հարցախոյզին մասնակիցներէն 35 առ հարիւրը նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Քլինթընի եւ Թրամփի փոխարէն պիտի նախընտրէր քուէարկել այլընտրանքային թեկնածուի մը ի նպաստ: Իբրեւ նախագահի լրացուցիչ թեկնածուի, որուն ի նպաստ ամերիկացիները...

«Փութին Պատրաստ Է Ապպաս-Նեթանիահու  Բանակցութիւններ Հիւրընկալելու»  Կ՛ըսէ Սիսի

«Փութին Պատրաստ Է Ապպաս-Նեթանիահու Բանակցութիւններ Հիւրընկալելու» Կ՛ըսէ Սիսի

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի պաղեստինեան բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց գոյացնելու ազգային հաշտութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ դէպի Պաղեստինեան պետութեան հաստատում յառաջ ընթանալ: Ան նշեց, որ պէտք է ջանք թափել լուծելու պաղեստինեան դատը, պայմանով որ թէ՛ պաղեստինեան կողմին, թէ՛ իսրայէլեան կողմին, թէ՛ ալ միջազգային ընտանիքին մօտ ապահովուած ըլլայ դատը լուծելու կամքը: Սիսի նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստակամութիւն յայտնած...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց  Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու  Նականոնացման Համաձայնութիւնը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Նականոնացման Համաձայնութիւնը

Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց անցեալ ամիս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը` այդպիսով վերջ տալով երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ տարակարծութեան եւ ճամբան հարթելով դիւանագիտական լիարժէք յարաբերութիւններու վերականգնման: Երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ` Իսրայէլ յառաջիկայ 25 օրուան ընթացքին Թուրքիոյ պիտի փոխանցէ 20 միլիոն տոլարի գումար մը, իբրեւ «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլեան բանակի յարձակումի զոհերուն փոխհատուցում: Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի որեւէ քաղաքացի...

Էրտողան ՏԱՀԵՇ-ին Կը Վերագրէ Այնթէպի  Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

Էրտողան ՏԱՀԵՇ-ին Կը Վերագրէ Այնթէպի Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

«Պետութիւնն ու ժողովուրդը պիտի չարտօնեն Թուրքիոյ բաժանումը», երէկ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով շաբաթավերջին Այնթէպի մէջ պատահած պայթումի գործողութեան, որուն զոհ գնաց աւելի քան յիսուն հոգի: «Այն ուժերը, որոնք չյաջողեցան իրենց ենթարկել Թուրքիան, ներկայիս կը փորձեն երկիրը բաժնել դաւանական հիմքերով», աւելցուց Էրտողան` նշելով, որ պայթումին հեղինակը 12-14 տարեկան տղեկ մըն է: Նախապէս Էրտողան յայտնած էր, որ ոչ մէկ...

Հասաքէի Մէջ Զինադադարի Հաստատման  Համաձայնութիւն Գոյացաւ

Հասաքէի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացաւ

Երէկ Հասաքէի մէջ ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացաւ պետական պաշտօնական կողմերուն եւ քրտական «Եէ. Փէ. Կէ.» խմբաւորման միջեւ: Համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ զինադադարի հաստատում, երէկ` երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, եւ վիրաւորներու փոխադրում` Գամիշլիի հիւանդանոց: «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ քաղաքի ապահովական վիճակի բարելաւում եւ բանակցութիւններու վերսկսում` կողմերուն միջեւ հարցերու լուծման համար:  

Page 766 of 882 1 … 765 766 767 … 882

Արխիւներ