«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեանց նախարար Պերաթ Ալպայրաք «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան եւ Ռուսիան ձեռնարկած են «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի շինարարութիւնը վերսկսելու գծով բանակցութիւններուն:
Ան համոզում յայտնած է, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան նախկին` նախաճգնաժամային մակարդակին:
Ըստ թուրք նախարարին, երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացումը օգտակար պիտի ըլլայ երկու կողմերուն:
«Թրքական հոսք» խողովակաշարով կը նախատեսուի ռուսական կազը Սեւ ծովուն յատակով` շրջանցելով Ուքրանիան, հասցնել Թուրքիա եւ այդ երկրին տարածքով փոխադրել Եւրոպա: Նախագիծը դադրեցուած էր 2015-ի վերջաւորութեան սուրիական սահմանին վրայ թրքական օդուժին կողմէ ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելէն ետք Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վատթարանալուն պատճառով: Սակայն, միջադէպին համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն ներում հայցելէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են վերականգնիլ:
Ազրպէյճանական «Ազատլըգ» օրաթերթը այդ առնչութեամբ յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ խաթարուած յարաբերութիւնները վերականգնելու շուրջ երկու երկիրներու ղեկավարներու յառաջիկայ օրերու հանդիպումին առնչուած` այդ երկիրներուն միջեւ մեծ նախագիծերէն հանդիսացող «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի նախագիծի իրականացման հեռանկարին վերակենդանացումը, որ կը հանդիսանայ ազրպէյճանական կազը Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա փոխադրելու Ադրիական եւ Անդրանատոլական կազային նախագիծերու (ԹԱՓ, ԹԱՆԱՓ) հիմնական մրցակիցը, հարցականի տակ դրած է վերջիններուս իրականացման կարելիութիւնը:
Օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ազրպէյճանցի տնտեսագէտ Սամիր Ալիեւ այդ առնչութեամբ յայտնած է. «ԹԱՓ-ի եւ ԹԱՆԱՓ-ի իրականացման համար Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է 8 միլիառ տոլար դրամագլուխի ներդրում կատարէ: Սակայն տնտեսական ճգնաժամին պատճառով Ազրպէյճանի մէջ յառաջացած ելեւմտական ծանր կացութիւնը խնդիր յառաջացուցած է նախագիծերու իրականացման հարցին մէջ: Ազրպէյճանի ԹԱՓ եւ ԹԱՆԱՓ նախագիծերը այնքան ալ շահութաբեր չեն: Ռուսական կազը Թուրքիոյ տարածքով Եւրոպա հասցնելը եւս կը դժուարացնէ ազրպէյճանական նախագիծի ճակատագիրը: Միւս կողմէ ալ, պէտք է նկատի ունենալ, որ Ազրպէյճան կարելիութիւն չունի Եւրոպան մեծապէս ապահովելու կազով: Այդ պատճառով շատ կարեւոր է` այլ երկիրներու եւս այդ նախագիծին միանալը: Գրաւիչ պիտի ըլլար, եթէ այդ նախագիծերուն միանային Թուրքմենիստանը եւ Ղազախստանը, ինչ որ, սակայն, խիստ կասկածելի երազանք կը թուի», ըսած է ազրպէյճանցի տնտեսագէտը:
«Նովոյէ Վրեմիա» օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ ԹԱՓ եւ ԹԱՆԱՓ նախագիծերուն իրականացումը գրաւիչ չէ այն պատճառով, որ անիկա 45 միլիառ տոլարէն ոչ նուազ ներդրում կը պահանջէ, իսկ նախագիծէն եկամուտները կ՛ակնկալուին ամէնէն շուտը 2030-ին: