Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տեհղան շաբաթավերջին պարզաբանեց, թէ սուրիական իշխանութիւններու խնդրանքին ընդառաջելով Իրան համաձայն գտնուած է, որ ռուսական կործանիչներ օգտագործեն Համատանի զինուորական խարիսխը` զինուելու թէ վառելանիւթով լիցքաւորուելու նպատակով: Ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի ծիրին մէջ Իրան տրամադիր է նաեւ արտօնել զինուորական այլ խարիսխներու օգտագործումը ռուսական կործանիչներուն կողմէ:
Անցնող 16 օգոստոսին իրանեան Համատան քաղաքի օդակայանէն թռիչք առած ռուսական կործանիչները, որոնք ռմբակոծեցին Սուրիոյ մէջ հաստատուած ահաբեկչական խմբաւորումներու թիրախներ, դուռ բացին զանազան քննարկումներու եւ մեկնաբանութեանց, ուր ակներեւ էր յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը այս «զարգացումէն»: