
Լիպիական ազգային համաձայնութեան կառավարութեան բանբերներէն Մոհամետ Ղասարի յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ իրերայաջորդ յարձակումներ գործած է հիւսիսային Լիպիոյ Սըրթ քաղաքի բնակելի առաջին եւ երրորդ թաղամասերուն վրայ:
Քանի մը ժամ առաջ ՏԱՀԵՇ նշեալ քաղաքին մէջ կառավարական ուժերուն դէմ գործած էր ականուած երկու ինքնաշարժներով յարձակում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ղասարի «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ օդային հարուածները աշխուժացնելու որոշումը որդեգրուած է հինգշաբթի երեկոյեան` ՏԱՀԵՇ-ի գործած անձնասպանական գործողութենէն ետք: Լիպիական ուժերը որոշած են օդային հարուածներու աւարտէն ետք ներխուժել Սըրթի բնակելի առաջին եւ երրորդ թաղամասեր, «եւ կը գիտակցինք, որ մեծ ճակատամարտ մը տեղի պիտի ունենայ»:
Ան նշեց, որ լիպիական ուժերը որակական գործողութեան մը ճամբով յաջողած են վնասազերծել ՏԱՀԵՇ-ի շարք մը արձակազէններ եւ զանոնք պաշարել Ամրահ թաղի Եարմուք դպրոցին տանիքին վրայ:
Խօսելով հինգշաբթի օր Սըրթի մէջ կառավարական ուժերուն դէմ կատարուած անձնասպանական գործողութեան մասին` Ղասարի ըսաւ, որ յարձակումին պատճառով 19 զինուորներ զոհուած են եւ շուրջ 80 ուրիշներ վիրաւորուած:
«Նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակները յաջողած են քաղաքին դուրսէն հասնիլ (բանակի) ետեւի գիծերը», նշեց ան:


