
Ընթացք առաւ Բրիտանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ երկխօսութիւնը Ֆոլքլանտ կղզիներուն շուրջ, որոնք կը գտնուին Բրիտանիոյ գերիշխանութեան տակ, սակայն պահանջուած են Արժանթինի կողմէ:
Երկխօսութիւնը մասնաւորաբար կ՛ընթանայ դէպի նշեալ արշիպեղագոս թռիչքներու վերականգնման եւ քարիւղի շահագործման հարցերուն շուրջ:
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Արժանթինի նախագահին առաջարկած էր դէպի նշեալ կղզիներ թռիչքները վերականգնել Արժանթինի ճամբով` նշելով, որ այդ թռիչքները կանգ առած են 1982-էն ի վեր:
Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուզանա Մալքորա, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի թեկնածուներէն մէկն է, յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ այդ ուղղութեամբ նամակներ փոխանակուած են:
Մալքորա նշեց, որ սկսուած է խօսուիլ թռիչքներու վերականգնման կարելիութեան եւ թռիչքներու իրագործման ձեւերուն մասին:


