Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա-Դամասկոս Քուլիսային Դիւանագիտութիւն. Թրքական «Վաթան» Կուսակցութեան Փոխնախագահը 2016-Ին Չորրորդ Անգամ Ըլլալով Պիտի Այցելէ Դամասկոս

Օգոստոս 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pekin_81916

Թուրքիոյ «Վաթան» կուսակցութեան փոխնախագահ եւ զինուորական տեղեկահաւաքի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հաքի Փեքին «Մոնիթըր» կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ երեք անգամ` փետրուար, ապրիլ եւ մայիս 2016-ին այցելած է Դամասկոս` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութեանց մէջ քուլիսային դիւանագիտութեան դերակատարութեան ծիրին մէջ:

Ան յայտնեց, որ սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր պահպանած է սուրիական վարչակարգին հետ իր լաւ յարաբերութիւնները, եւ այժմ կը պատրաստուի նոր ու նախկին երեսփոխաններու եւ գործարարներու ընկերակցութեամբ չորրորդ անգամ այցելելու Դամասկոս, ուր անձնական յարաբերութիւններ ունի Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Ահմարի, Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար Ալի Մամլուքի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:

Փեքին նշեց, որ Անգարա չէ փոխած իր կեցուածքը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ, «որ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ»:

Ան յայտնած է, որ սուրիացիները կտրուկ կերպով մերժած են Ասատի հեռացման պահանջը, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած են քննարկելու բոլոր ընտրանքները, «բայց եւ այնպէս պիտի չարտօնեն երկրին մասնատումը եւ պիտի չընդունին դաշնակցային դրութեան հաստատումը: Ինչպէս նաեւ կ՛ուզեն, որ Անգարա դադրի ընդդիմութեան աջակցելէ եւ ահաբեկիչներուն արտօնելէ իր սահմանէն անցնիլ»:

Փեքին ըսած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարունակ տեղեակ պահուած են Դամասկոսի մէջ իր հանդիպումներուն մանրամասնութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Անգարա Եւ Մոսկուա Վերսկսած Են «Թրքական Հոսք»-ին Գծով Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յեղաշրջումին Մեղսակից Չըլլալը Փաստելու Համար Կիւլենը Արտայանձնելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?