Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Մտադիր Է Մինչեւ 2023 Մուտք Գործել Եւրոպական Միութիւն

Օգոստոս 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-EU_81916

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սելիմ Ենել գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը յուսայ, որ, հակառակ Եւրոպական Միութեան հետ տարակարծութիւններուն, միութեան անդամ դառնայ յառաջիկայ վեց տարուան ընթացքին` ամէնէն ուշը 2023-ին:

Ենել յիշեցուցած է, որ 2023-ին պիտի նշուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

«Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը իմ երկրիս համար բարձրագոյն նուաճումը պիտի ըլլայ: Ներկայիս անդամակցութեան համար պայմանները խիստ անբարենպաստ են, սակայն ատիկա կրնայ արագօրէն փոխուիլ», աւելցուցած է դիւանագէտը:

Սելիմ Ենել խոստովանած է. «Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ խոր անվստահութիւն կը տիրէ ներկայիս»:

«Մենք կը կասկածինք, որ Եւրոպական Միութիւնը իրապէս պիտի ջնջէ թուրքերու համար մուտքի արտօնագիրները, եթէ մենք կատարենք անդամակցութեան համար 72 պայմանները: Մենք կը փափաքինք Եւրոպական Միութենէն ստանալ երաշխիքներ այն մասին, որ Պրիւքսէլ պիտի յարգէ համաձայնութիւնները», ըսած է թուրք դիւանագէտը:

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Անգարան առաջուան նման ընթացիկ տարուան հոկտեմբերէն ի վեր կրնան հասնիլ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման:

«Մենք չէինք ուզեր, որ ուշացումներ ըլլան: Մուտքի արտօնագիրի ազատականացումը պէտք է տեղի ունենայ արդէն այս տարի, 2017-ը անընդունելի ժամկէտ պիտի ըլլայ», ընդգծած է թուրք դիւանագէտը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս սպառնացած էր հանրաքուէի դնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը` նշելով, որ եթէ Պրիւքսէլը ուշացնէ թուրքերուն մուտքը Եւրոպական Միութիւն, ապա թուրք ժողովուրդի «եւրոպականանալու» մտադրութիւնը պիտի մարի:

Եւրոպական շարք մը ազդեցիկ քաղաքական գործիչներ եւ պաշտօնատարներ յայտարարած են, որ Թուրքիան երբեք պիտի չկարողանայ դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Սուրիոյ Վերաբերեալ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Համակարգումը Կ՛ընթանայ Լաւ Կերպով

Յաջորդը

Սուրիոյ Օդուժը Հասաքէի Շրջանին Մէջ Հարուածած Է Քիւրտերու Վեց Դիրքեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?