«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Պուսէյնա Շաապան յայտարարած է, որ Դամասկոս պատրաստ է համագործակցելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
«Դամասկոս յոյս ունի, որ Թրամփի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն պիտի պայքարին ահաբեկչութեան դէմ: Եթէ անոր քաղաքականութիւնը համընկնի մեր ակնկալիքներուն հետ, Դամասկոս բաց պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու եւ պետութեան գերիշխանութիւնը յարգող, երկրին շահերը հաշուի առնող ու ներքին գործերուն չխառնուող այլ պետութիւններու հետ համագործակցութեան համար», ըսած է ան: