Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Հալէպի Մէջ Զինեալները Հարուածելու Համար Պիտի Օգտագործենք «Քալիպըր» Հրթիռներ»

Նոյեմբեր 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kaliber_110916

Ռուսական զինուորական աղբիւր մը երեքշաբթի օր «Կազեթա.ռու» կայքին յայտնած է, որ «Ամիրալ Քուզնեցով» օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ ռուսական մարտանաւեր յառաջիկայ ժամերուն պիտի միանան Հալէպի ճակատամարտին եւ պիտի հարուածեն քաղաքին մօտ գտնուող ահաբեկիչները:

Աղբիւրը նշած է, որ նախատեսուի, որ ահաբեկիչներուն դէմ հարուածները կատարուին օդանաւակիրին վրայ գտնուող օդանաւերով եւ թեւաւոր «Քալիպըր» հրթիռներով:

Ան յայտնած է, որ «Ամիրալ Քուզնեցով» օդանաւակիրին կ՛ընկերակցին «Մեծն Պետրոս» հիւլէական յածանաւը, որ հրթիռներ կը կրէ, ինչպէս նաեւ հակասուզանաւային երկու մեծ մարտանաւեր` «Սիֆիրոմորսք»-ը եւ «Քուլաքով»-ը` աւելցնելով, որ անոնք արդէն հասած են Սուրիոյ ծովափ եւ կը պատրաստուին հարուածելու ահաբեկիչներուն դիրքերը:

Աղբիւրը նշած է, որ նախատեսուած հարուածները պիտի ըլլան լայնածաւալ` աւելցնելով, որ ռուս զինուորները պիտի օգտագործեն արդիական զէնքեր, ներառեալ ճշգրիտ հարուածներ հասցնող «Քալիպըր» հրթիռները:

Բրիտանական բանակի գաղտնի սպասարկութենէն աղբիւրներ բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին յայտնած էին, որ ներկայիս Միջերկրական ծովուն մէջ կը գտնուին ռուսական երեք սուզանաւեր, որոնք «Քալիպըր» հրթիռներով զինուած են:

Ռուսական ծովուժը օգոստոս 2015-ին Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումներու դիրքերը այս տիպի հրթիռներով ռմբակոծած էր: Հրթիռները արձակուած էին Կասպից ծովուն մէջ գտնուող մարտանաւերէ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Պառակտուած Ընկերութեան Ամրագրումն Ու Ժողովրդավարութեան Յաղթանակը

Յաջորդը

Գերմանիա Թուրքիոյ Կացութիւնը Տագնապեցնող Եւ Գերմանիոյ Դէմ Անոր Յայտարարութիւնները Անհասկնալի Կը Նկատէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?