«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» կայքը 7 նոյեմբերին հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի ընտրարշաւի ղեկավար Ճոն Փոտեսթայի գաղտնի նամակագրութեան 34-րդ մասը:
Առաջին մասին հրապարակումը տեղի ունեցած էր 8 հոկտեմբերին:
Կայքի վարչակազմը նամակագրութիւնը կայքին վրայ կը զետեղէ մաս առ մաս` օրական քանի մը հազար նամակ:
Հերթական մասին հրապարակումէն ետք հասարակութեան հասանելի դարձած են 56,5 հազարէն աւելի ելեկտրոնային նամակներ: