Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Մէջ Տեղ Չունի» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Վարչապետը

Նոյեմբեր 9, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

renzi_110816

Թրքական «ՏՀԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի յայտարարած է, որ լրագրողները, դատական համակարգի ներկայացուցիչներն ու երեսփոխանները ձերբակալող Թուրքիան չի կրնար տեղ ունենալ Եւրոպական Միութեան մէջ:

Իտալական պատկերասփիւռի կայանի մը հաղորդումներէն մէկուն մասնակցած Ռենցի յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա բանակցութիւնները, այսպէս թէ այնպէս, սառած վիճակի մէջ են, եւ ան իմաստ չի տեսներ շարունակելու բանակցիլ այդպիսի երկրի մը հետ:

4 նոյեմբերին Տիգրանակերտի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 երեսփոխաններ, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը:

Օրեր առաջ  ալ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ յատուկ գործողութիւն կատարած էր ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի աշխատակիցներուն դէմ: Խուզարկութիւններ կատարուած էին օրաթերթի տնօրէնի, խմբագիրներու եւ շարք մը սիւնակագիրներու տուներուն մէջ: Ձերբակալուած է նաեւ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճու:

«Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիրին ձերբակալութեան վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի: Նոյնպիսի յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց` դատապարտելով ընդդիմադիր օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին ձերբակալութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրքիա Զայրացած Է Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարին Յայտարարութենէն

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Լրջօրէն Անհանգստացած Է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններէն» Կ՛ըսէ Մոկերինի

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?