Եըլտըրըմ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Յորդորած Է Շարունակել Աշխատանքը Խորհրդարանին Մէջ
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յորդորած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը վերադառնալ խորհրդարան եւ շարունակել աշխատանքները օրէնսդիր մարմինին մէջ: «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ խորհրդարան չվերադառնալը անարգանք է ժողովուրդին նկատմամբ», նշած է վարչապետը` յայտարարելով, որ անհրաժեշտ է, որ կուսակցութիւնը ետդարձ կատարէ «սխալ ուղիէն»: Նշենք, որ 4 նոյեմբերին Տիգրանակերտի եւ Անգարայի մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ 11...




















