Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիա Թուրքիոյ Կացութիւնը Տագնապեցնող Եւ Գերմանիոյ Դէմ Անոր Յայտարարութիւնները Անհասկնալի Կը Նկատէ

Նոյեմբեր 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

merkel_110916

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողներու եւ ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալումէն ետք Անգարային կոչ ուղղած է պաշտպանելու հիմնարար ազատութիւնները:

Նորվեկիոյ վարչապետին հետ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մերքել յայտարարած է, որ վերջին օրերուն Թուրքիայէն հիմնարար ազատութիւններու հետ կապուած ահազանգեր կը ստանայ:

Անդրադառնալով Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերու նախարար Միշել Ռոթի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած էր ապաստան տրամադրելու Թուրքիայէն դիմողներուն, Մերքել ըսած է. «Նախ եւ առաջ ջանքեր կը գործադրենք Թուրքիոյ մէջ ստեղծելու այնպիսի միջավայր մը, որ մարդիկ ստիպուած չըլլան ապաստան ստանալու դիմում ներկայացնել եւ երկրին մէջ պահպանուին հիմնական ազատութիւնները»:

Միշել Ռոթ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն վերաբերեալ ըսած էր. «Թուրքիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները որեւէ առնչութիւն չունին եւրոպական արժէքներուն, օրինական պետութեան սկզբունքին, ժողովրդավարութեան եւ մամլոյ ազատութեան հետ: Այս պատճառով թրքական կառավարութեան մեր պատասխանը պարզ է եւ յստակ` այսպէս կարելի չէ շարունակել»:

Յիշեցնելով, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով երեսփոխաններ, գիտնականներ եւ լրագրողներ ձերբակալուած են, Ռոթ նշած էր, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը համագործակցութեան մէջ է բոլոր ճնշուածներուն հետ: «Գերմանիան աշխարհի համար բաց երկիր է, անիկա բաց է քաղաքական հետապնդումներու ենթարկուող ոեւէ անձի համար: Բոլորը կրնան ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմել Գերմանիոյ», նշած է ան:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր իր կարգին հերքած է իր թուրք գործընկերոջ` Մեւլութ Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնները, թէ Գերմանիան կ՛աջակցի ահաբեկչութեան եւ ՔԱԿ-ին:

«Կը կարծեմ, որ Անգարան շատ լաւ գիտէ, թէ իրականութիւնը հակառակն է», ըսած է Շթայնմայեր` նշելով, որ ՔԱԿ-ը եւ Թուրքիոյ մէջ գործող այլ ծայրայեղական խմբաւորումները Գերմանիոյ մէջ արգիլուած են: «Հետեւաբար չեմ կրնար հասկնալ Գերմանիոյ դէմ Թուրքիոյ կատարած յայտարարութիւնները», ըսած է ան:

Շթայնմայեր կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումին յաջորդած զարգացումները պէտք է կատարուին օրինական պետութեան սկզբունքներուն համահունչ:

Ան անընդունելի նկատած է Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ քննադատած քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններուն կալանաւորումը:

Չաւուշօղլու 8 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Գերմանիան միշտ եղած է ոչ թէ Թուրքիոյ օգտին, այլ Թուրքիոյ դէմ նախաձեռնութիւններու կողքին: Ան յայտարարած է, որ մինչեւ օրս թրքական կողմը Գերմանիայէն պահանջած է իրեն յանձնել ՔԱԿ-ի չորս հազարէ աւելի անդամ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը գերմանական կողմը յանձնած է Անգարային:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին խօսքով` քիւրտ զինեալները Գերմանիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ գումար կը հաւաքեն, եւ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը քաջատեղեակ է այդ փաստէն: «Պատահական չէ, որ բոլոր ահաբեկիչները կը նախընտրեն Գերմանիան: Այժմ ալ Գերմանիան գրկաբաց կ՛ընդունի կիւլենականները: Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները իրականացնող ահաբեկիչներուն մեծագոյն աջակցութիւն ցուցաբերած երկիրը Գերմանիան է», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Հալէպի Մէջ Զինեալները Հարուածելու Համար Պիտի Օգտագործենք «Քալիպըր» Հրթիռներ»

Յաջորդը

Տանըլտ Թրամփ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?