Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ զինեալ ուժերու պաշտօնական կայքին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մահուան տարելիցին նուիրուած «Բանակն ու ազգը ձեռք ձեռքի» խորագիրով ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ` Անգարայի մէջ, չեղեալ յայտարարուած է:
Տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ որոշումը տրուած է անվտանգութեան նկատառումներով:
Աթաթուրք մահացած է 10 նոյեմբեր 1938-ին: