Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մքկըրք. «Ռաքքայի Վերատիրացման Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ»

November 8, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mcgurk_110716

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին մէջ ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ Մքկըրք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռաքքայի ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրման առաջին հանգրուանը սկսած է:

Ան նաեւ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի եւ ՏԱՀԵՇ-ի այլ ղեկավարներու օրերը համրուած են:

«Ներկայ հանգրուանին մեր առաջնահերթութիւնը կենսական շրջաններ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելն ու տեղական ուժերը ամրապնդելն է», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

«Ռաքքայի հարցով կ՛ուզենք, որ քաղաքը ազատագրող ուժը ըլլայ տեղական, ուստի այդ զինեալները մարզեցինք, եւ այդ ուժը պիտի շարունակէ մեծնալ, որպէսզի հասնինք արշաւի յաջորդ հանգրուանին», յայտնեց Մքկըրք:

Ամերիկացի պատուիրակը ընդգծեց, որ Միջազգային դաշինքի ուժերը սերտօրէն կը գործակցին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ` նշելով, որ դաշինքը «օդային աջակցութիւնը չի խնայեր, եւ անիկա պէտք է համակարգուած ըլլայ»:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, որոնց հիմնական մասը կը կազմեն քիւրտերը, «Եփրատի զայրոյթ» արշաւին առաջին իսկ օրը յաջողած են տասը քիլոմեթր յառաջանալ դէպի Ռաքքա:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Ոչ արաբ տարրերու կողմէ Ռաքքայի վրայ վերահսկողութին հաստատելը չի նպաստեր շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»:

Ռաքքայի Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Համաձայնութիւն

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ 6 նոյեմբերին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի եւ Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ Ճոզըֆ Տանֆըրտի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կողմերը Ռաքքայի շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կայքի հաղորդման համաձայն, հանդիպումին ընթացքին Միջազգային դաշինքին եւ Թուրքիոյ կողմէ Ռաքքան գրաւելու եւ իրենց ձեռքը պահելու վերաբերեալ երկարաժամկէտ ծրագիր կազմուած է:

Կողմերը նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են թրքական բանակի սպայակոյտին մէջ ամերիկեան բարձրաստիճան սպայի մը նշանակման շուրջ: Վերջինս պիտի մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրականացուող գործողութիւններու ղեկավարման:

Նախորդը

Փեշմերկաները 4 Առանցքներէ Յարձակում Կը Գործեն Պաաշիքայի Դէմ

Յաջորդը

Քրեմլին. «Հալէպի Զինադադարին Նկատմամբ Ռուսիոյ Յանձնառութիւնը Կախեալ Է Զինեալներու Վարմունքէն»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.