«Մենք Չենք Պատրաստուիր Մուտք Գործելու Սուրիա» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Սուրիա մուտք գործելու որեւէ մտադրութիւն չունի, հակառակ անոր որ անցեալ շաբաթ հրամայած էր 59 թեւաւոր հրթիռ արձակել սուրիական ռազմակայաններէն մէկուն վրայ: «Մենք չենք պատրաստուիր մուտք գործելու Սուրիա: Սակայն երբ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ սարսափելի քիմիական զէնքերը կ՛օգտագործեն եւ ինչպէ՛ս անմեղ փոքրիկները ատոր պատճառով կը մահանան իրենց...




















