Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքցի Քիւրտերը Յայտարարած Են Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարելու Պատրաստակամութեան Մասին

April 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են Իրպիլի մէջ աշխատող օտար դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու հետ` զանոնք նախազգուշացնելու համար այս տարի նշեալ տարածքի անկախութեան հանրաքուէ կատարելու մասին: Այս մասին յայտնած է Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան տեղեկատուական կեդրոնը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ, կեդրոնի տուեալներով, հանդիպումը կայացած է Իրպիլի մէջ` Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաքին մէջ: Քրտական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան (ՔՀՄ) եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՔԺԿ) ներկայացուցիչները: Օտար երկիրներու դիւանագէտներուն կողմէ հանդիպումին մասնակցած են Իրպիլի մէջ աշխատող հիւպատոսարաններու ղեկավարները:

«Քիւրտերը իրենց փափաքը յայտնած են Քիւրտիստանի մէջ ներկայացուցչութիւններ ունեցող երկիրներուն: Նշուած է, որ հանրաքուէն որեւէ ազգի, ներառեալ քիւրտ ժողովուրդին բնական իրաւունքն է», տեղեկատուական կեդրոնը կը մէջբերէ հանդիպումին մասնակից քիւրտ քաղաքական գործիչներէն մէկուն յայտարարութիւնը: Քիւրտերը դիւանագէտներուն դիմած են նաեւ` հանրաքուէին աջակցելու եւ ատոր հսկողութեան մասնակցելու խնդրանքով:

Տեղեկատուական կեդրոնը նաեւ կը յայտնէ, որ քիւրտ քաղաքական գործիչները դիւանագէտներուն տեղեկացուցած են իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի կատարած յայտարարութեան մասին. ան 23 մարտին հրապարակաւ խոստացած էր, որ Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն պիտի կայանայ այս տարի:

Բացի ատկէ, 5 ապրիլին իրաքեան Քիւրտիստանի պատուիրակութիւնը այցելած է Պաղտատ` այդ հարցերը քննարկելու համար Իրաքի իշխանութիւններուն հետ: Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մասումի, վարչապետ Հայտար Ապատիի եւ խորհրդարանի նախագահ Սալիմ Ժապուրիի հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած է Քերքուքի նահանգի թեման, որ վիճելի տարածք է Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի միջեւ: Այս տարուան մարտին Քերքուքի իշխանութիւնները, հակառակ Պաղտատի բողոքներուն, Քիւրտիստանի դրօշները բարձրացուցած էին նահանգի վարչական շէնքերուն վրայ, իսկ քրտերէնը ստացած էր երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ:

«Անկախութեան հանրաքուէէն ետք Պաղտատի հետ բանակցութիւնները պիտի կատարուին ատոր արդիւնքներուն հիման վրայ», ըսած է Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ Ռոժ Նուրի Շաուզի:

 

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Պատասխան Միջոցները Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հրթիռակոծումին

Յաջորդը

«Ֆրանսան Հրեաներու Ողջակիզման Համար Պատասխանատուութիւն Չի Կրեր» Կ՛ըսէ Լը Փեն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.